
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Արսալի բախումներուն ընթացքին նահատակուած գնդապետ Տանի Հարպի ընտանիքը` հաստատելով, որ բանակին եւ զինուորներուն արժանապատուութեամբ սակարկելը անկարելի է:
Ան շեշտեց, որ լիբանանեան բանակի նահատակներուն եւ վիրաւորներուն հարցը մնայուն կերպով բանակին առաջնահերթութիւններէն մէկը պիտի մնայ:
Զօր. Քահուաժիի այցելեց նաեւ ամերիկեան պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին ամերիկացի քոնկրեսական մը եւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը: Քննարկուեցան երկրին մէջ տիրող ընդհանուր իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ամերիկեան եւ լիբանանեան բանակներուն միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Զօր. Քահուաժի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ Բրիտանիոյ միջեւ գործակցութեան հեռանկարները, յատկապէս ռազմափորձերու առումով:
Ֆլեչըր ընդգծեց Լիբանանի կայունութեան եւ լիբանանեան բանակին նկատմամբ Բրիտանիոյ զօրակցութիւնը:


