
Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ այցելեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները` յատկապէս Իրաքի մէջ քրիստոնեաներուն տառապանքը:
Հանդիպումէն ետք Սլէյման յայտնեց, որ Ժեմայէլին շնորհակալութիւն յայտնած է հանրապետութեան նախագահութեան եւ յատկապէս իր անձին նկատմամբ անոր ցուցաբերած զօրակցութեան համար, ինչպէս նաեւ քննարկած է այն միջոցները, որոնք կ՛առաջնորդեն բոլորը դուրս գալու նախագահական ընտրութեան տագնապէն:
Սլէյման շեշտեց, որ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները պէտք է ճշդուած թուականին կատարել` պահպանելու համար երկրին ժողովրդավարական չափանիշները:
Ան ընդգծեց նաեւ նախագահական ընտրութիւնները կատարելու անհրաժեշտութիւնը` հաստատելով, որ անիկա ներքին լիբանանեան հոլովոյթ է եւ արտաքին ոչ մէկ դերակատարութիւն պէտք է արձանագրուի այդ առումով:


