
Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբը երէկ գումարեց նիստ մը` նախագահութեամբ յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ապտէլ Լաթիֆ Զէյնի եւ ներկայութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ երեսփոխաններ Ուալիտ Խուրիի, Ալի Պեզզիի, Անթուան Սաատի, Խալետ Զահրամանի, Ֆարիտ Խազենի, Եասին Ժապերի եւ Նաուաֆ Մուսաուիի:
Նիստին ընթացքին որոշուեցաւ յանձնարարել խորհրդարանին եւ կառավարութեան Լիպիոյ մէջ գտնուող լիբանանցիներուն հոգ տանելու: Յանձնախումբը նշեց, որ արտաքին գործոց նախարարութեան համաձայն, Լիպիոյ մէջ կան 300 գաղթականներ, որոնք բառին բուն իմաստով լիբանանցի են` շեշտելով, որ իրենց փափաքն է, որ անոնք ապահով Լիբանան հասնին:


