Նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ մը յղեց Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին, Թուրքիոյ նախագահի պաշտօնին ընտրուելուն առիթով:
Ուղերձին մէջ ըսուած է. «Ձերդ Գերազանցութիւն, կը շնորհաւորեմ ձեզ Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին ընտրուելու առիթով: Ձեզի կը մաղթեմ քաջառողջութիւն, իսկ Թուրքիոյ ժողովուրդին` բարեկեցութիւն եւ յառաջընթաց: Ստանձնելով Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը, դուք անկասկած ունիք կարելիութիւն ձեր եռանդը ներդնելու մեր կողմէ ձեռք բերուած երկկողմ համաձայնութիւնները առանց նախապայմաններու կեանքի կոչելու գործին մէջ: Ընդունեցէք խնդրեմ, պարոն նախագահ, խորին յարգանքներուս հաւաստիքը»:
Նաեւ` Ֆրանսայի Նախագահը
Նախագահ Սերժ Սարգսեան նախանցեալ օր շնորհաւորական նամակ մը յղեց Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտին` անոր ծննդեան 60-ամեակին առիթով:
Շնորհաւորական նամակին մէջ մասնաւորապէս նշուած է. «Ձեզի կը մաղթեմ երջանկութիւն եւ յաջողութիւններ, ի նպաստ բարեկամ Ֆրանսայի ժողովուրդին բարգաւաճման եւ միջազգային ասպարէզին մէջ ձեր երկրի հեղինակութեան առաւել ամրապնդման: Կրկին իմ անկեղծ երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ ձեզի, հայ – ֆրանսական բարեկամութեան ամրապնդման գործին մէջ ձեր անձնական դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ մեզի համար կենսական նշանակութիւն ունեցող Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ լուծման ուղղուած ձեր շարունակական ջանքերուն եւ անկեղծ հոգածութեան համար»:


