
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս ապահովական իրավիճակը:
Մեկնումի պահուն Փլամպլի ողջունեց Արսալի մէջ արձանագրուած խաղաղութիւնը` բարձր գնահատելով այդ իմաստով լիբանանեան բանակին եւ կառավարութեան ջանքերը:
Փլամպլի շեշտեց, որ ՄԱԿ յանձնառու կը մնայ լիբանանեան պետութեան եւ անոր բանակին ու ապահովութեան ուժերուն զօրակցութեան:
Ան շեշտեց, որ վարչապետին հետ քննարկած է նաեւ լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն կարիքները` դրուատելով Սէուտական Արաբիոյ կողմէ անոնց տրամադրուած մէկ միլիառ տոլարի նիւթական նպաստը:
Փլամպլի անհրաժեշտ նկատեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերը աշխատին հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան, ինչպէս նաեւ կառավարութեան եւ խորհրդարանի աշխատանքը աշխուժացնելու ուղղութեամբ:
Վարչապետարանին այցելուներէն եղաւ նաեւ Մարոնի խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազեն:


