
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը քառամեայ նստաշրջանի (2011-2015) իր երրորդ լիագումար նիստը գումարեց 3-5 օգոստոս 2014-ին, Երեւանի մէջ:
Կեդրոնական վարչութիւնը նախ եւ առաջ անդրադարձաւ երկրորդ լիագումարով տրուած որոշումներու գործադրութեան եւ հետապնդելի կարգ մը գործունէութիւններուն:
Ապա` կարեւոր նկատելով միութեան կազմակերպական հոլովոյթը, լսեց շրջաններու եւ մեկուսի շրջաններու մասին ամփոփ զեկուցում մը եւ, հիմնուելով կարգ մը շրջաններու դիմագրաւած դժուարութիւններուն վրայ, յետ քննարկման կատարեց եզրայանգումներ` ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին ապահովելու անոնց բարւոք լուծումը:
Կեդրոնական վարչութիւնը հանգամանօրէն անդրադարձաւ Համա-ՀՄԸՄ-ական 9-րդ մարզախաղերուն, որոնք երկրորդ անգամ ըլլալով կայացած էին Հայաստանի մէջ, 2013-ին: Քննարկելէ ետք Կեդրոնական մարզական յանձնախումբի տեղեկագիրը եւ նկատի ունենալով ձեռնարկին արձանագրած անդրադարձն ու յաջողութիւնները, որոշեց Համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերը ասկէ ետք նախընտրաբար կազմակերպել Հայաստանի մէջ:
Կեդրոնական վարչութիւնը կարեւորութեամբ ընդգծեց Կեդրոնական սկաուտական յանձնախումբին իրականացուցած սկաուտական դաստիարակչական ծրագիրները, զորս կարելի եղած էր գործադրել խորհրդաժողովի միջոցով, ցամաքամասային դրութեամբ խմբապետներու վերաորակաւորման դասընթացքով եւ բարձրաստիճան խմբապետներու յատուկ «Արարատեան» կարգով:
Կեդրոնական վարչութիւնը կանգ առաւ նաեւ աշխատանքներուն վրայ Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ բանակումի, որ արդէն տեղի ունեցաւ 31 յուլիսէն 9 օգոստոս 2014, Բիւրականի մէջ. վարչութիւնը գնահատեց բանակատեղիի հողատարածքին ընդարձակումը եւ շինարարական աշխատանքները, որոնց մեծապէս սատար հանդիսացած էին հայրենի պետութիւնն ու «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու հիմնադրամը:
Կեդրոնական վարչութիւնը որոշեց «Միհրան Շիմշիրեան»-ի անուան սկաուտական ֆոնտին գումարը յատկացնել սկաուտական կարգերու 7 գիրքերու համացանցի վրայ տեղադրման ծրագիրին` զանոնք ելեկտրոնային տարբերակի վերածելէ ետք:
Կազմը այս քառամեակին եւս յառաջ մղեց մշակուած ռազմավարական ծրագիրի գործնականացման հոլովոյթը` առիթ ստեղծելով, որ շրջաններու մէջ կիրարկուի ըստ կարելւոյն հանգրուանային դրութիւնը, միշտ յառաջընթաց զարգացում ապահովելով:
Կեդրոնական վարչութիւնը առաջադրեց նաեւ 11-րդ Պատգամաւորական ժողովին ներկայացնել ռազմավարական ծրագիրի յանձնախումբի մշակած յաւելուած կանոնագիրը, որ առաւել եւս պիտի դիւրացնէ անոր գործադրութեան ուղեգիծը:
Կարեւոր նկատելով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման նախաձեռնութիւնները` վարչութիւնը որոշեց ամէնուրեք խիտ շարքերով գործօն եւ աշխուժ մասնակցութիւն բերել, ինչպէս նաեւ գաղութներուն մէջ ՀՄԸՄ-ի շարքերուն մէջ կազմակերպել յաւուր պատշաճի ձեռնարկներ:
Նկատի ունենալով 2015-ին կայանալիք Համահայկական մարզախաղերը, որոնք պիտի կատարուին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, Կեդրոնական վարչութիւնը շրջաններու բոլոր մարզախումբերուն պիտի թելադրէ առաւելագոյն թիւերով մասնակցիլ մարզախաղերուն:
Կեդրոնական վարչութիւնը «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի բովանդակութիւնը եւ անոր կարեւորութիւնը գնահատելով` անդրադարձաւ նաեւ անոր դիմագրաւած նիւթական լուրջ դժուարութիւններուն եւ առաջադրեց քննական յատուկ թղթածրարով մը ներկայանալ 11-րդ Պատգամաւորական ժողովին:
Կեդրոնական վարչութիւնը` ի տես աշխարհատարած միութեան աշխատանքներուն, կը հաստատէ, որ անոնք վճռուած են յաջողութեամբ պսակուիլ, հակառակ ամէն տեսակ մարտահրաւէրներուն, շնորհիւ միութեան ներշնչած ոգիին ու կամքին եւ անոր նուիրական նշանաբանին` «Բարձրացի՛ր-Բարձրացո՛ւր»-ին:
ՀՄԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Երեւան, 11 օգոստոս 2014


