Ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, երէկ յետմիջօրէին ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը Պհամտունի դաշտին վրայ մրցեցաւ Ախա Ահլի Ալէյի հետ եւ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց անոր հետ:
Այս փորձ-մրցումը ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի խումբին համար եղաւ նախապատրաստական հանդիպում մը, որուն ընթացքին ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբին նոր մարզիչը` Սամուէլ Պօղոսեան, փորձեց շարք մը մարզիկներ` գտնելու համար անոնց ունեցած յատկութիւնները:
Թէեւ մրցումը աւարտեցաւ ճերմակ հաւասարութեամբ, սակայն ՀՄԸՄ-ի մարզիկները Ա. կիսախաղին ստեղծեցին կոլ նշանակելու ստոյգ քանի մը առիթներ, որոնք սակայն չարդիւնաւորուեցան եւ անոնք չկրցան ցնցել մրցակիցին բերդին ուռկանը:
Բայց եւ այնպէս նկատի ունենալով, որ անիկա եղաւ բարեկամական մրցում մը, մարզիչին համար անիկա եղաւ շատ կարեւոր, որպէսզի յաջորդ մրցումին (կամ մրցումներուն) ան կարենայ լաւապէս ընտրել իր կազմը, որ պիտի նախապատրաստուի Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2014-2015 տարեշրջանին:
Նշենք, որ շաբաթ, 16 օգոստոսին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, ՀՄԸՄ պիտի կատարէ ֆութպոլի բարեկամական այլ մրցում մը, այս անգամ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ հիւրընկալելով Շեպիպեթ Մազրաան:


