Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու այցելած է հայ-ազրպէյճանական սահմանային միջադէպերուն պատճառով վիրաւորուած ազրպէյճանցի զինուորներուն, որոնք բուժման նպատակով տեղափոխուած են Թուրքիա:
Նախարարը այս մասին գրառում կատարած եւ լուսանկար զետեղած է «Թուիթըր» ընկերային ցանցի իր էջին վրայ:


