Շատեր դիւրաւ կը հաշտուին երկիր փոխելու, գործ փոխելու, նոր կեանք մը վերսկսելու գաղափարին հետ, մինչդեռ ուրիշներ ոչ իսկ կը մտածեն նման քայլ մը առնելու մասին, վախնալով անծանօթ ապագայէն: Իսկ դուք, ո՞ր խումբին կը պատկանիք. իմանալու համար պատասխանեցէք ստորեւ տրուած 7 հարցումներուն, ապա կարդացէք արդիւնքը:
1
Երբ առտու ձեր գործի վայրը կ՛ուղղուիք,
ա.- Լաւ տրամադրութեան մէջ կ՛ըլլաք եւ դրական ձեւով կը մտածէք ձեր օրուան մասին:
բ.- Յատուկ բանի մը մասին չէք մտածեր, ձեր բոլոր օրերը իրարու կը նմանին:
գ.- Կը մտածէք շաբաթավերջին եւ ձեր մահճակալին ու հանգիստին մասին:
2
Ձեր աշխատած հաստատութեան վարած քաղաքականութիւնն ու որդեգրած գաղափարախօսութիւնները`
ա.- Շատ լաւ կը յարմարին ձեր սկզբունքներուն:
բ.- Անտարբեր կը ձգեն ձեզ:
գ.- Կը հակադրուին ձերիններուն:
3
Վայրկեան մը մոռցէք ձեր ներկայ գործը. ի՞նչ ասպարէզի մէջ կ՛ուզէիք փայլիլ:
ա.- Ոչ մէկ անգամ մտածած էք տարբեր ասպարէզի մը մասին, ձեր գործը շատ կը սիրէք:
բ.- Պատասխան մը չունիք:
գ.- Պիտի փափաքէիք արուեստագէտ մը ըլլալ. անոնց կեանքը լեցուն է նորութիւններով եւ փոփոխութիւններով:
4
Ի՞նչ բան առաջնահերթ է ձեզի համար:
ա.- Գործի մէջ յառաջդիմելը:
բ.- Բարձր ամսական ստանալը:
գ.- Ձեր ձիրքերը յայտնաբերող բան մը ընել:
5
Ո՞ւր կը տեսնէք դուք ձեզ 10 տարի ետք:
ա.- Նոյն տեղը, բայց անշուշտ աւելի լաւ պայմաններու մէջ:
բ.- Ոչ մէկ գաղափար ունիք, ապագան ցոյց պիտի տայ:
գ.- Բոլորովին տարբեր միջավայրի մը մէջ:
6
Ո՞ւր կը փափաքիք անցընել ձեր արձակուրդը:
ա.- Ամէն տարուան պէս` ծովափը:
բ.- Յատուկ վայր մը չկայ ձեր մտքին մէջ, կարեւորը լաւ ժամանակ անցընելն է:
գ.- Տարբեր երկիրներ այցելել եւ տարբեր քաղաքակրթութիւններու ծանօթանալ:
7
Գիշերը հանգիստ կը քնանա՞ք:
ա.- Այո, եւ առտուն կայտառ կ՛արթննաք:
բ.- Ընդհանրապէս այո, բայց ոչ միշտ:
գ.- Դիւրաւ քունի չէք անցնիր եւ յաճախ ձեր ապագային մասին կը մտածէք:
ԱՐԴԻՒՆՔ
Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «ա» է… եթէ կրկին աշխարհ գաք, ոչ մէկ բան կը փոխէք ձեր կեանքի ընթացքէն: Ձեր կեանքը կը սիրէք այնպէս, ինչպէս որ է: Առհասարակ դուք ուրախ էք եւ բաւարարուած` ձեր ներկայ վիճակով եւ նորութիւններ մտցնելու ոչ մէկ փափաք ունիք: Անշուշտ ասիկա չի նշանակեր, որ տեղքայլի մէջ էք, պզտիկ բարելաւումներ միշտ ալ կը փնտռէք:
* * *
Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «բ» է… ընդհանուր առմամբ դժգոհութիւն մը չունիք ձեր ներկայ կեանքէն, բայց ոչ ալ մեծ գոհունակութիւն կը զգաք: Պարզապէս չէք գիտեր եւ կամ չէք մտածած, թէ ի՛նչ կ՛ուզէք կեանքէն: Տեւական տատամսումներու մէջ էք:
* * *
Եթէ ձեր պատասխաններուն մեծամասնութիւնը «գ» է… Դուք տեւաբար պատրաստ էք փոփոխութեան: Չէք հաւնած ձեր ապրած երկիրը եւ ոչ ալ ձեր գործի տեսակը: Նաեւ չէք բաժներ ձեր շրջապատի անձերուն տեսակէտները: Կը սիրէք ճամբորդութիւնը, նոր ծանօթութիւնները, արկածախնդրութիւնն ու նորութիւնները:
ԱՅԼԱԶԱՆ
«ԵԹԷ ՏԱԿԱՒԻՆ ՄԵՐ ՄԷՋ ԸԼԼԱՐ…»
Տայանա իշխանուհիին համակիրները վերջերս ընդվզեցան, երբ «Նիուզուիք» շաբաթաթերթը իր կողքին վրայ դրած էր վաղամեռիկ իշխանուհիին նկարը իր հարսին` Քէյթ Միտըլթընի կողքին, խորագրելով` «Եթէ տակաւին մեր մէջ ըլլար…»:
Նկարին վրայ Տայանա իշխանուհին ներկայացուած է յիսուն տարեկան կնոջ դիմագիծով, դէմքին քանի մը կնճիռ, բայց` նոյնքան վայելուչ:
Գաղափարը Թինա Պրաունինն է, ան 2007-ին գիրք մըն ալ հրատարակած էր «Տը Տայանա քրոնիքըլզ» խորագիրով:
Նշենք, որ 36 տարեկանին ինքնաշարժի արկածով մահացած իշխանուհին յառաջիկայ ամիս 50 տարեկան պիտի ըլլար: Ան մինչեւ օրս կը համարուի աշխարհի երեսին ամէնէն շատ ժողովրդականութիւն ունեցող անձերէն մէկը:
ԱՅԼԱԶԱՆ
ԾՈՒԼՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՐԿԻՉ Է
Աւստրալիական ուսումնասիրութիւն մը կը հաստատէ, թէ ծուլութիւնը վարակիչ է, եւ թէ` երբ աշխատանքի վայրը մէկ ծոյլ պաշտօնեայ կայ, ատիկա բաւարար է, որ վարակէ մնացեալները, եւ գործը տուժէ:
Այս գծով Սիտնիի համալսարանէն հետազօտողներ փորձեր կատարած են 158 համալսարանականներու վրայ` զանոնք խումբերու բաժնելով եւ իւրաքանչիւր խումբին որոշ ձեւի աշխատանք մը վստահելով:
Փորձերը ցոյց տուած են, թէ այն խումբերը, որոնց մէջ ծոյլ կամ անձնասէր ուսանող մը գտնուած է, անոր ընթացքը ազդած է մնացեալներուն աշխատելաձեւին վրայ, եւ արդիւնքը յստակօրէն տուժած է:
Ասկէ մեկնելով` գործատէրերուն կը թելադրուի աջալուրջ հետեւիլ պաշտօնեաներուն եւ առիթ չտալ, որ թոյլ կամ ծոյլ պաշտօնեայ մը տկարացնէ կամ ձախողութեան մատնէ ամբողջ խումբի մը աշխատանքը: Ասիկա չի նշանակեր սակայն, որ ամէն անգամ որ խմբական աշխատանք մը իր նպատակին չհասնի, քաւութեան նոխազ մը պիտի փնտռենք:
ԳԵՂԵՑԿԱԳԻՏԱԿԱՆ
ԴԷՄՔԻ ԽՆԱՄՔ
Օրական երեք վայրկեանն ալ բաւարար է դէմքին յոգնած գիծերը անհետացնելու համար:
1.- Երկու ձեռքերով ծածկել դէմքը, ապա ափերը իրարմէ հեռացնել դէպի ականջները:
2.- Ցուցամատերով եւ բութ մատերով բռնել յօնքերու վերջաւորութիւնները, մեղմօրէն սեղմել` քիչ-քիչ ուղղուելով դէպի քունքերը:
3.- Ցուցամատերը տեղաւորել աչքերուն տակի մասը, ապա թեթեւակի ճնշումներով մատները ուղղել մինչեւ արտաքին ծայրերը:
4.- Ցուցամատերը ճակատի երկու կողմերուն վրայ տեղաւորել եւ ճնշել, այս դիրքով մնալ 1 վայրկեան, ապա կրկնել 5 անգամ:
5.- Ցուցամատերով մարձել յօնքերուն միջեւ գտնուող բաժինը` շուրջ 1 վայրկեան:
6.- Մատները տեղաւորել քունքերուն վրայ եւ 5 թեթեւ ճնշումներ կատարել: Ապա նոյն ձեւով ճնշելով` մատները սահեցնել մինչեւ ծնօտը:
7.- Երկու ձեռքերը ծոծրակի վերի երկու կողմերուն վրայ տեղաւորել, թեթեւ ճնշումներ ընելով` քիչ-քիչ բարձրացնել դէպի ականջները, ապա վերադարձնել նախկին դիրքին:
8.- Աչքերուն տակ «տոպրակներ» գոյանալու պարագային, անոնց վրայ քառորդ ժամ պահել հում գետնախնձորի տաշուկներով եւ քանի մը կիտրոնի հիւթով պատրաստուած քսուք, ապա լուալ գաղջ ջուրով:
ՍՏՈՒԳԵՆՔ ՄԵՐ ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐԸ
ԾԱՂԻԿՆԵՐՈՒ ԼԵԶՈՒՆ
Եթէ որեւէ առիթով ծաղիկ նուէր ստացեր էք, արդեօք կրնա՞ք գուշակել զայն նուիրողին յետին միտքը…
Ծաղիկները ունին իրենց լեզուն. ահաւասիկ անոնցմէ մէկ քանին.
Մեխակը կը նշանակէ` «Դուն սրտիս մէջ ես»:
Կարմիր մեխակը` «Եղիր իմս»:
Մանիշակը` «Գաղտնի սէր»:
Աստղածաղիկը` «Մենք պէտք է բաժնուինք»:
Յասմիկը` «Ընտրէ զիս»:
Կարմիր վարդը` «Ես քու իշխանութեանդ տակ եմ»:
Դեղին վարդը` «Ապացուցէ սէրդ»:
Ծաղիկներ նուիրելու գաղափարը շատ գեղեցիկ է. ստացողն ալ մեծապէս կը գնահատէ զայն, պայմանաւ որ յարգուին որոշ կանոններ:
- Կին մը ծաղիկ չի ղրկեր տղամարդու մը, բացի եթէ տղամարդը տարեց է:
- Եթէ ընթրիքի հրաւիրուած էք առաջին անգամ ըլլալով, նախընտրելի է, որ ծաղիկները ուղարկէք առաւօտեան: Նախապատուութիւնը տուէք ծաղկեփունջերուն եւ ոչ թէ թաղարի մէջ ցանուած տեսակներուն:
- Եթէ հիւանդի մը կամ ծննդաբերողի մը ծաղիկ պիտի ուղարկէք, ընտրեցէք առանց բոյրի տեսակները:
- Ծաղիկները նուիրեցէք անզոյգ, իսկ եթէ անձամբ չէք նուիրեր, անոնց հետ բացիկ մը ուղարկեցէք:
- Եթէ այցելու մը ձեզի ծաղիկ բերէ, անմիջապէս թուղթէն հանեցէք, ծաղկամանի մէջ դրէք եւ հիւրանոց բերէք:
- Ծաղիկներուն կեանքը երկարաձգելու համար ջուրին մէջ քանի մը կաթիլ Օ տը Ժաւել աւելցուցէք:
- Որպէսզի կակաչներուն կեանքը երկարէք, ցօղուններուն ծայրամասը մոմով այրեցէք:
- Ձեզի համար թանկ ծաղկեփունջ մը չորցնելու համար փունջին ցօղունները կապեցէք ձգախէժէ պատրաստուած թելով, ապա փունջը գլխիվայր կախեցէք չուանէ մը, օդասուն եւ մութ սենեակի մը մէջ: Արեւէ հեռու` ծաղիկները կը պահպանեն իրենց գեղեցիկ գոյները: Եւ յիշեցէ՛ք` որքան ծաղիկները արագ չորնան, այնքան անոնց գոյները կ՛ըլլան գեղեցիկ:
ԲՆԱԿԱՆ ԴԱՐՄԱՆՈՒՄ
ԳԼԽԱՑԱՒ
Սովորական գլխացաւը կարելի է դարմանել հետեւեալ պարզ ձեւերով.
- Ճակատին վրայ կաղամբի տերեւներ դնել ու կապել:
- Ճակատին վրայ հում գետնախնձորի շերտեր դնել ու կապել:
- Քունքերը շփել կիտրոնի կեղեւով:
- Խնձորի քացախին վրայ ջուր աւելցնել, դնել կրակին, եւ երբ սկսի գոլորշին բարձրանալ, գլուխը թեքել դէպի գոլորշին եւ շուրջ 50 անգամ շնչել:
- Սխտորը խորովել եւ դնել քունքերուն վրայ:
- Գաւաթ մը լեղի սուրճ խմել:
- Կէս գաւաթ օղիի մէջ 1 թէյի դգալ աղ աւելցնել, լուծել եւ այդ լուծոյթով քունքերուն թրջոցներ դնել:
- Քունքերը շփել օծանելիքով:
- Շատ պինդ կապել ճակատը լաթի կտորով մը, բայց ոչ` 10 վայրկեանէն աւելի:
- Մաքուր օդ շնչել:
ԽՈՀԱԳԻՐ
ՍՄԲՈՒԿՈՎ ԱՂՑԱՆ
– 250 կ րամ լոլիկ
– 2 դեղին պղպեղ
– 2 սմբուկ
– 2 ճերմակ սոխ
– 1 պճեղ սխտոր
– 8 շերտ ֆրանսական պակեթ հաց
– Թարմ ռեհան
– 5 սանթիլիթր պալսամիք քացախ
– 15 սանթիլիթր ձէթ
– Աղ, սեւ պղպեղ
Պատրաստութիւն
Սմբուկները կլոր, բարակ շերտերու վերածել, ձէթով ծեփել եւ 15 վայրկեան փուռին մէջ խորովել, ապա ձգել, որ պաղին:
Դեղին պղպեղները երկար, բարակ շերտել, քիչ մը ձէթի մէջ 10 վայրկեան կրակի վրայ դարձնել, աղել, համեմել եւ ձգել, որ պաղին:
Պակեթի շերտերը խորովել եւ ապա զանոնք երկու երեսով շփել սխտորի պճեղով:
Սոխերը օղակաձեւ, բարակ շերտել: Խոշոր մանրել ռեհանի տերեւները: Խորանարդաձեւ կտրտել լոլիկները:
Քացախն ու ձէթը փոս ամանի մը մէջ դնել. աւելցնել աղն ու համեմը: Աղցանի յատուկ ամանի մը մէջ լեցնել բոլոր բաղադրութիւնները, աւելցնել թացանը, զգուշութեամբ խառնել եւ հրամցնել:
ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆԸ
Մի քոյր էի ես կորցրել,
Մինչեւ օրս լուր չկար,
Բայց հովն ահա լուր է բերել,
Թէ լալիս է քեզ համար:
Կին է դառել օտար մէկին,
Հայոց լեզուն մոռացել®
– Ա՜խ, ասացի իմ քոյրիկին,
Զուր ես կարօտս լացել:
Յոյս ունէի, թէ կը գտնեմ,
Այժմ իրաւ կորցրի,
Ասէք նրան` էլ քոյր չունեմ,
Քոյրս եղնիկն է սարի:
Իր ազգինը ով չսիրի,
Ո՞նց կը սիրի ամէնքին,
Թշնամին է ողջ ազգերի,
Ով չի պաշտում իր ազգին:
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇԻՐԱԶ
Կնոջական էջը պատրաստեց՝
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ



