Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պիտի Բարձրացնենք Բանակի Մարտունակութիւնը Անկախ Այն Բանէն, Որ Քաղաքական Ինչպիսի՛ Զարգացումներ Տեղի Կ’ունենան» «Ազդակ»-ին Եւ «Վանայ Ձայն»-ին Ըսաւ Արծրուն Յովհաննիսեան

August 12, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

0811Artsrun-HovhannisyanԵրէկ «Ազդակ» եւ «Վանայ ձայն» միացեալ հարցազրոյց մը ունեցան Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեանի հետ:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպիսի՞ տարբերութիւններ գոյութիւն ունին վերջերս արձանագրուած զինադադարի խախտումներուն եւ նախորդ դրութեան միջեւ, եւ արդեօք աւելի ճիշդ պիտի չըլլա՞ր զանոնք բնութագրել իբրեւ հետեւակ ուժերու միջեւ սահմանափակ պատերազմ, Յովհաննիսեան ըսաւ. «Այո, այս վերջին խախտումները ամէնէն լայնածաւալն էին եւ ինչ որ չափով 4-5 օրուան փոքր տարողութեամբ պատերազմ, որովհետեւ Ազրպէյճան այսքան ատեն նախապատրաստուելով կարծեց, որ կարելի է մեզ ծունկի բերել եւ փոքր տարողութեան կռիւներու ճամբով փորձեց ստուգել մեր մարտունակութիւնը: Սակայն բարեբախտաբար մեր մարտունակութիւնը գտնուեցաւ արցախեան պատերազմի մարտունակութեան մակարդակին վրայ եւ մենք հակառակորդը մատնեցինք լրջագոյն պարտութեան` պատճառելով բազմաթիւ կորուստներ»:

Մեկնաբանելով արձանագրուող գործողութիւններուն մասին ազրպէյճանական կողմին կատարած ահաւոր խեղաթիւրումները եւ սահմանը անգիտակցաբար կտրած հայ անզէն գիւղացին իբրեւ հետախոյզ ներկայացնելու երեւոյթը` Յովհաննիսեան ըսաւ, որ ցաւօք այդ մէկը Ազրպէյճանի հիմնական գործելաոճն է` քաղաքայինները ներկայացնել իբրեւ հետախոյզ եւ ի վերջոյ սպաննել զանոնք` աւելցնելով, որ անկասկած այդ մէկը փոքրոգութեան նշան, բարդոյթները յաղթահարելու եւ պարտութիւնները քողարկելու ճղճիմ փորձ մըն է:

Ինչ կը վերաբերի կամաւորներու հայ-ազրպէյճանական սահմանագիծ մեկնելու մասին լուրերուն` Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղարը յայտնեց, որ լարուածութեան առաջին իսկ օրէն, թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութենէն, թէ՛ Լեռնային Ղարաբաղէն, թէ՛ սփիւռքէն եղան բազմաթիւ դիմումներ գալու օգնութեան, երթալու մարտական դիրքեր: Բարեբախտաբար, յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն վրայ տեղակայուած զինուորները կը վերահսկեն կացութեան եւ այդ օգնութեան կարիքը չունին: Նոյնն է պարագան Արցախին, մանաւանդ որ Արցախի բնակչութիւնը այս կամ այն չափով մասնակցած է մարտական գործողութիւններուն: Ան նշեց, որ Հայաստանի Հանրապետութենէն այդպիսի 11 հազար դիմումներ կան, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ դիմումներ սփիւռքէն, սակայն անոնց կարիքը չկայ եւ վեթերան մարտականները կարիքը չունին մարտական դիրքերու վրայ կանգնելու, այլ իրենց հոգեբանական ու բարոյական աջակցութիւնն է, որ շատ կարեւոր է նաեւ այն առումով, որ ամբողջ հայութեան համախմբուածութիւնը ցոյց կու տայ:

Խօսելով գետնի վրայ այժմու կացութեան մասին` Յովհաննիսեան յայտնեց, որ հարցազրոյցէն մէկ օր առաջ եւ գիշերը կարելի է ըսել, որ լարուածութիւնը որոշ չափով մեղմացած է, իսկ երէկ կացութիւնը սովորական էր` քիչ կրակոցներով, եւ իրենք կը կարծեն, որ ատիկա դրական տեղաշարժ է եւ պիտի շարունակուի:

Պատասխանելով  այն հարցումին, թէ այդ մէկը ինչի՞ կարելի է վերագրել, ան ըսաւ, որ կրնան քաղաքական պատճառներ ըլլալ, սակայն գլխաւոր պատճառը հայկական բանակի մարտունակութիւնն ու շեշտակի պատասխաններն են:

Իսկ «յառաջիկային ինչպիսի՞ զարգացումներ կը նախատեսէք» հարցումին պատասխանելով Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղարը նշեց, որ անկախ զարգացումներէն, բանակը միշտ մարտունակ է եւ կանգնած իր դիրքերուն վրայ, եւ իրենք պիտի շարունակեն բարձրացնել բանակի մարտունակութիւնը, անկախ այն բանէն, որ քաղաքական ինչպիսի՛ զարգացումներ տեղի կ’ունենան:

 

Նախորդը

Ճիշդ Հարիւր Տարի Առաջ Էր

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու  Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ  Տեղի Պիտի Չունենան»
Գլխաւոր լուրեր

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ Տեղի Պիտի Չունենան»

November 25, 2026
Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան  Հռչակագիրին Յղման Վերացումը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան Հռչակագիրին Յղման Վերացումը

November 25, 2026
Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։