Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Առաջնայինի Եւ Առանձնայատուկի Միջեւ

August 11, 2014
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

FCEF3CF8-B11F-41A5-83B7-CE5050E27E8F_mw1024_s_nԱյն ինչ հրապարակուեցաւ եւ կը շարունակուի հրապարակուիլ Սոչիի մէջ կայացած Ռուսիոյ, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հանդիպման մասին արտակարգ որեւէ նորութիւն չի փոխանցեր: Ակնկալելիօրէն անգամ մը եւս խօսուած է խաղաղ կարգաւորման, պատերազմական գործողութիւններէ զերծ մնալու եւ փոխզիջումներով խաղաղութեան հասնելու անհրաժեշտութեան մասին: Բանակցային խորապատկերին վրայ երեւցող հիմնական եւ ուշադրութիւն գրաւող բաժինը հանդիպման վայրն է, գերմիջնորդի ներկայութիւնն ու կատարած շատ լուրջ կշռադատուած ուղերձները կողմերուն: Այս բոլորը հրապարակային բաժնով, լուսարձակներու տակ, նկարահանուած եւ հեռարձակուած տարբերակներով փոխանցուող:

Ռուսական գերմիջնորդի հանգամանքի ինքնաստանձնումի միտումները չեն թաքնուած: Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, որ Ռուսիան յարգանքով  կը  վերաբերի ղարաբաղեան հակամարտութեան հարցին մէջ միջազգային ձեւաչափերուն, հետագային ալ կը մասնակցի անոնց, բայց կը ծրագրէ օգտագործել նաեւ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի հետ երկկողմ յարաբերութիւններու առանձնայատուկ բնոյթը` իրավիճակը կարգաւորելու համար:

Մինչեւ այս եռակողմ հանդիպումը մեկնաբանութիւնները կեդրոնացած էին խաղաղապահ գործողութեան  իրականացման հաւանականութեան վրայ` շեշտելով, որ Ռուսիան մտադիր է խաղաղապահ զօրքեր տեղակայել Արցախ-Ազրպէյճան սահամանագիծին վրայ: Չէ բացառուած, որ այս առաջադրանքը կը մնայ նոյնը: Ամերիկացի համանախագահն ալ իր վերընդգծած սկզբունքներուն վերջինը յատկացուցած էր խաղաղապահ գործողութիւն իրականացնելու անհրաժեշտութեան: Ուորլիքի յայտարարութիւնները կարճ ժամանակ ետք Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ նկատուած էին պաշտօնական Ուաշինկթընի տեսակէտ: Բնականաբար սակայն, Ուորլիքն ու իր պետութիւնը այլ բաղադրիչներով կը պատկերացնեն խաղաղապահ գործողութեան իրականացումը:

Թէ փակ խորհրդակցութիւններուն այս առաջադրանքը քննարկման թեմա եղա՞ծ է, թէ՞ ոչ, կը մնայ քաղաքական մեկնաբանութեան եւ ենթադրութեան սահմաններուն մէջ: Պարզը այն է, որ Մոսկուան իր ազդեցութեան գօտի կը փորձէ վերադարձնել Պաքուն, եւ այնտեղ աւելի հաստատ ու կայուն տեղ տրամադրել անոր: Մինչ այդ իրավիճակը կարգաւորելու համար կրնար նպաստաւոր նկատուիլ զինուորական սահմանափակ գործողութիւններու ձեռնարկումը, զանոնք քաջալերելը, եւ նախապատերազմական մթնոլորտ ստեղծելը: Զուգահեռ` սպառազինելը: Ամփոփումը ռուսական ուղերձին այս բոլորին մէջ այն է, որ Մինսքի խմբակի ձեւաչափը կը շարունակէ գործել, բայց գերմիջնորդը եւ բանակցային խաղի կանոններու թելադրողը Մոսկուան է, որ կը ծրագրէ օգտագործել նաեւ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի հետ երկկողմ յարաբերութիւններու առանձնայատուկ բնոյթը` իրավիճակը կարգաւորելու համար: Հայաստանի Հանրապետութեան առընթեր կ՛աւելնայ ուրեմն Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու առանձնայատուկ բնոյթը:

Փորձենք տեսնել այս անգամ ամերիկացի համանախագահի յայտարարութեամբ փոխանցուող ուղերձին միտք բանին, Սոչիի հանդիպումին առիթով: Հարցազրոյցի մը ընթացքին դրական գնահատական տալէ ետք ռուսական ճիգերուն, ամերիկացի համանախագահը հետեւեալ բառերով կը բնութագրէ իր երկրին առնչութիւնը արցախեան հարցի կարգաւորման բանակցութիւններուն: «Անշուշտ, աշխարհի տարբեր անկիւններուն տիրող բարդ իրավիճակները  անհանգստութեան մեծ առիթ են Միացեալ Նահանգներու համար, սակայն ասիկա ոչ մէկ ձեւով չի թուլացներ ղարաբաղեան խնդիրի լուծման անհրաժեշտութեան առաջնայնութիւնը Միացեալ Նահանգներու համար: Մեր նպատակն է Եւրոպան ամբողջական, ազատ եւ խաղաղ տեսնել»:

Ըստ Ուորլիքի, Արցախի հարցը ուրեմն առաջնային խնդիր է Ուաշինկթընի համար: Ուաշինկթընի համար առաջնային, Մոսկուայի համար առանձնայատուկ: Բայց այս չէ միայն յատկանշական կէտը ամերիկացի բանագնացին ըսածին մէջ:

Արցախը ամբողջական Եւրոպայի տարածքին մէջ տեսնող Ուաշինկթընի ներկայացուցիչը այս պարագային ուղերձ ունի Մոսկուայի ղեկավարին: Արցախեան հարցով ուղերձ ուղարկողը սակայն պէտք է յստակ պատասխան տայ, որ առաջադրուած ամբողջական, ազատ եւ խաղաղ Եւրոպայի վերջին փակ սահմանին պատասխանատուն ո՞ր պետութիւնն է եւ թէ ինչո՞ւ կը շարունակէ արգելակել Եւրոպայի ամբողջականացման, ազատականացման եւ խաղաղեցման գործընթացը:

Ուաշինկթընի համար Արցախը Եւրոպա է, իսկ անոր հարցը առաջնային: Մոսկուայի համար` Արցախը Եւրասիա (առանց մաքսակէտի յստակացման…), իսկ հարցը` առանձնայատուկ: Սոչիով կը հաստատուի, որ առայժմ գերմիջնորդի ղեկը Մոսկուայի ձեռքին է:

«Ա.»

 

Նախորդը

Սոչիի Մէջ` Սարգսեան-Փութին- Ալիեւ Եռակողմ Հանդիպում

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու  Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ  Տեղի Պիտի Չունենան»
Գլխաւոր լուրեր

Ղալիպաֆ. «Մեր Եօթը Պայմաններու Կատարումէն Առաջ Բանակցութիւններ Տեղի Պիտի Չունենան»

November 25, 2026
Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան  Հռչակագիրին Յղման Վերացումը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան Հռչակագիրին Յղման Վերացումը

November 25, 2026
Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։