Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զրոյց` Ասպետ Գոչիկեանի Հետ

August 11, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

kochigՇաբաթ, 9 օգոստոսին «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ զրոյց մը` Պոսթոնի «Պենթլի» համալսարանին մէջ միջազգային յարաբերութիւններու եւ քաղաքական գիտութեանց աւագ դասախօս, «Արմինիըն Ռիվիու»-ի գլխաւոր խմբագիր Ասպետ Գոչիկեանի հետ: Զրուցավարն էր «Ազդակ»-ի միջազգային լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան:

Զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Եւրասիական տնտեսական միութեան կազմութեան, Ուքրանիոյ տագնապին, վերջերս Ռուսիոյ կողմէ Ազրպէյճանի սպառազինութեան մատակարարման, հայ-ազրպէյճանական սահմանագիծին վրայ արձանագրուող զինադադարի խախտումներուն եւ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան փոխլրացման քաղաքականութեան վերաբերող հարցերուն:

Զրուցավարը նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախկին նախարար Հիլըրի Քլինթըն իր պաշտօնավարութեան ընթացքին յայտարարած էր. «Մենք գիտենք, որ Եւրասիական Միութիւնը Խորհրդային Միութիւնը այլ անուանումի տակ վերականգնելու փորձ մըն է, եւ մենք արգելք պիտի հանդիսանանք անոր»: Պատասխանելով Քլինթընի նշեալ յայտարարութեան վերաբերող առաջին հատուածին մասին հարցումի մը` Ասպետ Գոչիկեան յայտնեց, որ Քլինթըն որոշ չափով ճիշդ է, սակայն Խորհրդային Միութեան տապալումէն ետք արդէն այդ փորձը կատարուած է, ան իբրեւ օրինակ նշեց ԱՊՀ-ն:

Գոչիկեան ըսաւ, որ ինչպէս Միացեալ Նահանգներու մօտ գոյութիւն ունի «Մոնրոյի վարդապետութիւն»-ը, որ կ՛ընդդիմանայ Ամերիկայի ցամաքամասին վրայ օտար երկիրներու միջամտութեան, Ռուսիոյ մօտ ալ գոյութիւն ունի անոր համազօրը եղող «Փրիմաքովի վարդապետութիւն»-ը, որ կ՛արգիլէ Արեւմուտքին իր ազդեցութեան գօտիին մէջ միջամտութիւնը:

Խօսելով Եւրոպական Միութեան հետ Ընկերակցութեան համաձայնութեան մերժումին նկատմամբ Արեւմուտքի հակազդեցութեան տարբերութեան մասին` ան ըսաւ, որ տարբերութիւն յառաջացնող ազդակը երկու երկիրներու ժողովուրդներուն հակազդեցութեան տարբերութիւնն է:

Ինչ կը վերաբերի Ռուսիոյ կողմէ Ազրպէյճանին սպառազինութեան տրամադրման` Գոչիկեան նշեց, որ անոր դրդապատճառը Ազրպէյճանի ունեցած դրամի պաշարն ու Ռուսիոյ տոլարի կարիք ունենալն է` աւելցնելով, որ Ռուսիոյ եւ Հայաստանի շահերը միշտ չէ, որ կը համընկնին:

Խօսելով Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան համալրացման վարդապետութեան մասին` Գոչիկեան ըսաւ, որ այդ քաղաքականութիւնը երբեք չէ կիրարկուած, գործնական գետնի վրայ իսկական արտայայտութիւն չէ գտած եւ Արեւմուտքին հաճոյանալու կը ծառայէ, իսկ վերջինս այդ մէկը կը հասկնայ, սակայն ոչ Միացեալ Նահանգները, որոնց Հայաստանի նկատմամբ հակազդեցութիւնը աւելի խիստ պիտի ըլլար, եթէ գոյութիւն չունենար ամերիկահայութիւնը:

Հարցազրոյցին տեսերիզը յառաջիկայ օրերուն պիտի տեղադրուի «Ազդակ»-ի կայքին վրայ:

Նախորդը

Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ Բանակումը Հասաւ Իր Աւարտին

Յաջորդը

Թեհրանի Մօտ Օդանաւ Մը Ջախջախուեցաւ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։