Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, Արսալի կացութիւնն ու Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը ամրապնդուած պահելու անհրաժեշտութիւնը:
Քննարկուեցան նաեւ նախագահական ընտրութեան հարցին վերաբերող մանրամասնութիւններ, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութեան առումով համաձայնութիւն մը գոյացնելու կարելիութիւնները:
Միւս կողմէ, Ժեմայէլ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ` ողջունելով անոր Լիբանան վերադարձը:


