Թրքական «Զաման» օրաթերթի կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Մալաթիա նահանգին մէջ քարոզարշաւի ընթացքին քննադատած է թրքական «Թարաֆ» օրաթերթի յօդուածագիր եւ «Տի Իքոնոմիսթ» պարբերաթերթի Թուրքիոյ թղթակից Ամպերին Զամանը:
Էրտողան լրագրողը «անամօթ կին» անուանած է եւ զայն մեղադրած իսլամներն ու իր ընտրազանգուածը վիրաւորելու յանցանքով:
«Չափդ գիտցի՛ր, անամօ՛թ կին, ձեռքդ գրիչ տուած են, սիւնակագիր դարձած ես: 99 առ հարիւրով իսլամ ժողովուրդը կը վիրաւորես: Իմ ընտրազանգուածս կը վիրաւորես», ըսած է Էրտողան` նկատի ունենալով լրագրողին հարցազրոյցը ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլուի հետ հարցազրոյցը:


