Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

72 Ժամուան Զինադադարի Աւարտէն Ետք. Իսրայէլ Կը Վերսկսի Կազայի Դէմ Իր Յարձակումներուն

August 9, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

0808_Gaza72 ժամուան զինադադարի աւարտէն ետք Իսրայէլ երէկ շարունակեց Կազայի դէմ իր յարձակումները: Պաղեստինեան դիմադրութիւնը իր կարգին հակադարձեց հրթիռակոծելով Պիր Սապահը, Աշքոլը, Նահիլ Կոզը, Աշքելոնը, Նիր Օզը, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան բանակին պատկանող բազմաթիւ դիրքեր: Ստեղծուած կացութեան լոյսին տակ, Պեն Կորիոն օդակայանը դադրեցուց իր գործունէութիւնը: Իսրայէլ յայտնեց, որ վիրաւորուած են չորս իսրայէլացիներ, որոնցմէ մէկը զինուոր մըն է:

Իսրայէլեան բանակը ռմբակոծեց Զէյթուն, Թուֆֆահ եւ Ժապալիա թաղամասերը, Կազայի հիւսիսային, արեւելեան եւ հարաւային շրջանները, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան բնակեցման վայրերուն մօտ եղող շրջանները:

Նշենք, որ երէկ առաւօտեան ժամը 8:00-ին աւարտած 72 ժամուան զինադադարը հաստատուած էր Կազայի դէմ իսրայէլեան երեսունօրեայ յարձակումէն ետք:

Գահիրէի մէջ բանակցող պաղեստինեան եւ իսրայէլեան պատուիրակութիւնները զինադադարը երկարաձգելու շուրջ համաձայնութիւն չգոյացուցին: Իսրայէլեան պատուիրակութիւնը նաեւ մերժեց 8 պաղեստինցի զինեալներու դիակներն ու 15 գերիները փոխանակել իր երկու զինուորներուն դիակներուն հետ:

Հաղորդուեցաւ, որ իսրայէլեան պատուիրակութիւնը Գահիրէէն վերադարձած է Թել Աւիւ:

 

Նախորդը

Օպամա Ամերիկեան Օդուժին Կ՛արտօնէ Իրաքի Մէջ Հարուածել Իսլամական Զինեալները

Յաջորդը

Էրտողան. «Չափդ Գիտցի՛ր, Անամօ՛թ Կին»

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.