Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ «Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ զբօսաշրջութեան նախարար Ֆատի Ապպուտի պատկանող կերպընկալի գործարանին մէջ բռնկած հրդեհը ահաւոր դէպք է` նկատել տալով, որ անհրաժեշտ է աւելցնել քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն պատկանող հրշէջ ինքնաշարժներուն թիւը:
Անդրադառնալով պետական նշանակումներու թղթածրարին` Վ. Սապունճեան յայտնեց, որ ինք լաւատես է, որ այդ նշանակումները պիտի կատարուին` ըստ կարողութիւններուն եւ ատակութեան, աւելցնելով, որ հինգշաբթի օրուան կառավարութեան նիստին ընթացքին ինք թեր պիտի քուէարկէ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի պաշտօնավարութեան նստաշրջանի երկարաձգման:


