Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Պեռնար Շալանտ, որ կը գտնուէր Ռումանիա` ներկայ ըլլալու համար Շթուէա – Աքթոպէ մրցումին («Չեմփիընզ լիկ»), հոնկէ պիտի մեկնի Մակեդոնիոյ մայրաքաղաքը Սքոփյէ, ուր 10 օգոստոսին տեղի պիտի ունենայ Մակեդոնիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան Վարտար – Շքենտիա 2-րդ հանգրուանի մրցումը:
Ան կ՛ուզէ անձամբ հետեւիլ Վարտարի մաս կազմող Արտակ Տաշեանի եւ Յովհաննէս Համբարձումեանի կատարելիք մրցումներուն:
Նշենք, որ Համբարձումեան, Շալանտի կողմէ ընդգրկուած էր 21 մայիսէն 6 յունիս տեղի ունեցած ուսումնամարզական հաւաքին, մինչ Տաշեան զուիցերիացիէն ցարդ հրաւէր չէ ստացած:


