Ֆրանսայի «Լիկ-2»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Քլերմոն ակումբը գլխաւորեց Քորին Տիքար, որ առաջին կին մարզիչն է, որ եւրոպական հեղինակաւոր ախոյեանութիւններուն, առաջին կամ երկրորդ Լիկ-ի ակումբներէն մէկու մը մարզիչը կ՛ըլլայ:
Անոր կազմը նոր տարեշրջանին գծով իր առաջին մրցումը կատարեց Պրեսթի դէմ եւ կրեց 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Այս մրցումին օրը զուգադիպեցաւ Տիքարի ծննդեան 40-րդ տարեդարձը: Այս առիթով մրցակից խումբին մարզիչը` Ալեքս Տիւփոն անոր ծաղիկներ նուիրեց:


