Երէկ, Զաղրեպի մէջ (Խրուաթիա) աւարտեցաւ յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի աշխարհի երիտասարդական ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 8 հայրենի ըմբիշներ` իրենց մարզիչ ունենալով Արմէն Պապալարեանը:
Հակառակ անոր որ մրցաշարքին երկրորդ օրը անյաջող էր հայ ըմբիշներուն համար, սակայն անոնք ընդհանուր առմամբ լաւ տպաւորութիւն ձգեցին եւ բաւականացան առաջին օրը իրենց շահած 1 արծաթ եւ 2 պրոնզ մետալներով:
Խմբային ընդհանուր դասաւորման մէջ Հայաստան 31 կէտով գրաւեց 4-րդ դիրքը` Ազրպէյճանի (առաջին, 59 կէտ), Վրաստանի (2-րդ, 44 կէտ) եւ Ռուսիոյ (3-րդ, 31 կէտ) ետին:
9-10 օգոստոսին մրցասպարէզ դուրս պիտի գան ազատ ոճի ըմբշամարտի աշխարհի երիտասարդական ախոյեանութեան մասնակիցները, իր լուրը կ՛եզրափակէ ArmSport.am:


