Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստան Եռակողմ Հանդիպման Մասնակցելու Պատրաստակամութիւն Յայտնեց

August 8, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

0807_Putin_SargsianՀայկական կողմը պատրաստակամութիւն յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի Սոչի այցելութեան ծիրին մէջ կայացնելու նաեւ եռակողմ հանդիպում` Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն  հետ:

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր` 8 օգոստոսին, աշխատանքային այցելութեամբ կը մեկնի Սոչի` Ռուսիա, ըսուած է նախագահին մամլոյ ծառայութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

9 օգոստոսին տեղի կ՛ունենայ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հանդիպումը Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:

«Հայկական կողմը պատրաստակամութիւն յայտնած է այցելութեան ծիրին մէջ կայացնելու նաեւ եռակողմ հանդիպում` Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հետ, քննարկելու համար ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման խնդիրները, ինչպէս նաեւ վերջին օրերուն Ազրպէյճանի կողմէ կացութեան լարման իբրեւ արդիւնք ստեղծուած իրավիճակը: Համոզուած ըլլալով, որ ղարաբաղեան տագնապի արդար եւ խաղաղ լուծումը այլընտրանք չունի, հայկական կողմը միշտ կողմ արտայայտուած է բարձր մակարդակի հանդիպումներու կայացման», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Համանախագահ Երկիրներու Դեսպանները
Ակնկալութիւններ Ունին Սոչիի Հանդիպումէն

0807_OSCE-Minsk-Group-1ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու` Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի դեսպանները յոյս յայտնեցին, որ Սոչիի մէջ տեղի ունենալիք յառաջիկայ հանդիպումները նպաստեն տագնապին խաղաղ լուծման:

Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրն, Ռուսիոյ դեսպան Իվան Վոլինքին եւ Ֆրանսայի գործերու  ժամանակաւոր հաւատարմատար Իզապել Կինել  տեսակցեցան Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեանին հետ:

Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու  դեսպանատան մամլոյ  ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, դեսպանները իրենց ցաւակցութիւնը յայտնած են վերջին օրերուն Լեռնային Ղարաբաղի սահմանագիծին եւ հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ տեղի ունեցած միջադէպերուն ընթացքին զոհուած զինուորներուն  ընտանիքներուն, իսկ Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարը ներկայացուցած է ներկայիս իրադրութիւնը:

Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու դեսպանները զսպուածութեան եւ լարուածութեան մեղմացման կոչ ուղղած են կողմերուն, յորդորած են խստօրէն յարգել զինադադարը եւ յոյս յայտնած, որ Սոչիի մէջ տեղի ունենալիք յառաջիկայ հանդիպումները նպաստեն տագնապին խաղաղ լուծման:

 

 

Նախորդը

Շիֆ. «Պաքուի Յարձակումը Պէտք Է Դադրեցուի»

Յաջորդը

Մխիթարեան Կոլի Եւ Կոլի Փոխանցման Հեղինակ

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.