6 եւ 7 օգոստոսին ազրպէյճանական կողմը շարունակած է խախտել զինադադարը հայ-ազրպէյճանական պետական սահմանագիծի տարբեր հատուածներուն մէջ: Այս մասին հաղորդեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը:
Հայկական կողմէն պատասխան կրակ բացուած է 8 պարագաներու, հակառակորդին ուղղութեամբ արձակուած է 232 կրակոց: Հայկական կողմէ տուժածներ չկան, կը հաստատէ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
«Հայաստանի զինեալ ուժերը կը շարունակեն վստահօրէն հսկել իրավիճակը սահմանին ամբողջ երկայնքին, խստօրէն կը հետեւին զինադադարի պահպանման եւ իրավիճակին համարժէք գործողութիւններու կը դիմեն միայն հակառակորդին կողմէ արձանագրուող նպատակային խախտումներու պարագային», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Չինարիէն Գիւղացի Մը Գերի`
Ազրպէյճանցիներուն Մօտ
Տաւուշի սահմանամերձ Չինարիի գիւղապետ Սամուէլ Սաղոյեան ըսաւ, որ իրենց գիւղի բնակիչ 31-ամեայ Կարէն Պետրոսեան հատած է հայ-ազրպէյճանական սահմանը եւ գերի ինկած: Անոր գերեվարուելուն մասին լուրերը աւելի կանուխ տարածած էին ազրպէյճանական լրատու միջոցները` յայտնելով, որ հայ գերին յայտնաբերուած է Թովուզի շրջանի Աղպուլաղ գիւղի բնակիչին կողմէ:
Ազրպէյճանական Haqqin.az կայքը հաղորդած էր, որ Ազրպէյճանի Աղպուլաղ գիւղի բնակիչ Մամետով Փարուիզ Փաշա Օղլուն գերի բռնած է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի, 1965-ին ծնած Կարէն Պետրոսեանը եւ զայն յանձնած համապատասխան կառոյցներուն:
Ըստ Տաւուշի մարզպետ Յովիկ Աբովեանի, տուեալ քաղաքացին Չինարի գիւղի բնակիչ է, որ անսթափ վիճակի մէջ յայտնուած է ազրպէյճանական Աղպուլաղ գիւղին մէջ:
Յովհաննիսեան. «Հայկական Բանակը
Երէկ Ոչ Մէկ Կորուստ Ունեցած Է»
Հայաստանի զինեալ ուժերը 7 օգոստոսին ոչ մէկ կորուստ ունեցած են, այս մասին վստահեցուց Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան:
«Այդ գերիին հարցով դիմեցէք քաղաքացիական ոստիկանութեան եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն», ըսաւ ան ի պատասխան հարցումին, թէ ինչ տեղեկութիւններ ունին Տաւուշի մարզին մէջ ազրպէյճանական կողմին մէջ երէկ գերի ինկած քաղաքացիին մասին:
Հակառակորդին Կողմէ Արձակուած Կրակոցէն
Զինուոր Մը` Վիրաւորուած
Ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ ուժերու սահմանագիծին վրայ տեղի ունեցած հրացանաձգութեան իբրեւ արդիւնք հակառակորդը կրած է կենդանի ուժի կորուստներ: Հրացանաձգութեան ընթացքին հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցէն վիրաւորուած է զինուոր, 1995-ին ծնած Վիքթոր Շուպերթ Աբրաամով, որ անմիջապէս տեղափոխուած է զինուորական հիւանդանոց: Անոր վիճակը կը նկատուի կայուն ծանր:
Օհանեան. «Թուրքը Կը Մնայ Թուրք,
Եւ Մենք Անոր Հետ Պիտի Գործենք
Այն Կանոններով, Որով Ան Կ՛ուզէ
Մեզի Հետ Գործել»
2014-ը Հայաստանի, Արցախի եւ հայկական բանակին համար լարուած ժամանակ էր, Ազրպէյճանի հռետորաբանութեան եւ զինադադարի խախտման արդիւնք էր: Այս տարուան ընթացքին արձանագրուած է զինադադարի խախտման շուրջ 18 հազար դէպք, մինչդեռ 2013-ին այդ թիւը եղած է 13 հազար: Հակառակորդը փորձած է իրականացնել 26 հետախուզական գործողութիւն, որոնց 15 առ հարիւրը բաժին ինկած է յուլիսի կէսերէն ետք ինկած ժամանակահատուածին: Այս մասին երէկ տեղի ունեցած կառավարութեան նիստին սկիզբը զեկուցեց Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան:
Նախարարը տեղեկացուց, որ իրավիճակը կը շարունակէ լարուած մնալ, Ազրպէյճան կը շարունակէ զինադադարի խախտումները, ինչպէս նաեւ սահմանագիծին եւ թիկունքին վրայ տեղաշարժերը:
«Մէկ օգոստոսէն սկսեալ զինադադարի խախտումը չէ նուազած, կրակոցներու կ՛ենթարկուին խաղաղ բնակավայրերը, ինչպէս նաեւ հակառակորդին կողմէ կ՛օգտագործուին տարբեր տրամաչափի զէնքեր: Հակառակորդին գործողութիւնները դժուար է անուանել իբրեւ զուտ հետախուզական գործողութիւններ: Ցաւօք սրտի, մենք ունեցած ենք նաեւ կորուստներ…», յայտարարեց նախարարը:
Սէյրան Օհանեան նաեւ տեղեկացուց, որ հակառակորդին կողմէ կ՛իրականացուին այլ գործողութիւններ եւս. զօրանոցային վիճակներ, զէնքերու եւ զինուորական սարքերու տեղաշարժ, հակառակորդի օդուժի եւ անօդաչու սարքերու աշխուժութիւն, տեղեկատուական աշխուժ քարոզչութիւն եւ այլն:
«Հակառակորդը 8-9 անգամ աւելի շատ կորուստներ տուած է: Հակառակորդին կողմէ իրականացուող այս բոլոր գործողութիւնները աննախընթաց են 1990-ականներէն ի վեր: Այս բոլորին նպատակն է ազդել բանակցային հոլովոյթին վրայ, նաեւ իրենց ժողովուրդին մօտ պարտուածի հոգեբանութիւնը վերացնել», նշեց նախարարը:
Կառավարութեան անդամներուն ներկայացնելով առկայ իրավիճակը` Սէյրան Օհանեան տեղեկացուց նաեւ, որ յատկապէս գիշերային պայմաններուն մէջ զինուորական դրութիւնը հզօրացուած է, զինուորները մարտականօրէն տրամադրուած են:
«Իրադրութեան ապակայունացման ուղղուած Ազրպէյճանի գործելաոճը ամբողջովին կը հակասէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի բանակցային հոլովոյթին», յայտարարեց ան եւ կրկնեց, որ թափուած արեան համար ամբողջ պատասխանատուութիւնը կ՛իյնայ Ազրպէյճանի խիղճին վրայ:
«Թուրքը կը մնայ թուրք, եւ մենք անոր հետ պիտի գործենք այն կանոններով, որով ան կ՛ուզէ մեզի հետ գործել: Ես կը խորհիմ, որ Ազրպէյճան մինչեւ 9 օգոստոս եւ ատկէ ետք ալ պիտի չհանդարտի, բայց Հայաստանի զինեալ ուժերը պատրաստ են հակառակորդին որեւէ գործողութեան համարժէք պատասխան տալ», աւելցուց նախարարը` նկատի ունենալով 8-9 օգոստոսին սպասուող Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հանդիպումը:
Սէյրան Օհանեանի խօսքէն ետք վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան իր ցաւակցութիւնը յայտնեց զոհուածներու ընտանիքներուն` վայրկեան մը լռութեամբ յարգելով անոնց յիշատակը:


