«Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը յայտարարած է, որ կը պատրաստուի Թուրքիոյ վարչապետ, նախագահական թեկնածու Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի դէմ անոր կատարած վերջին հակահայ յայտարարութեան համար դատական հայց ներկայացնելու:
Կուսակցութեան երեսփոխան Հուրշիթ Կիւնեշ նշած է, որ գործող վարչապետին յայտարարութիւնը հակասահմանադրական է: «Ատիկա թշնամական կեցուածք է: Ատիկա կը հակասէ Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքին եւ սահմանադրութեան: Վարչապետը ատելութիւն կը սերմանէ»:
Յիշեցնենք, որ չորեքշաբթի օր հարցազրոյցի մը ընթացքին Էրտողան անդրադարձած էր զինք վիրաւորողներուն եւ դժգոհած, որ զինք հայ անուանած են:
Վարչապետի յայտարարութեան անդրադարձած է նաեւ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը, որուն փոխնախագահ Թուղրուլ Թիւրքեշ գրաւոր հարցապնդում ներկայացուցած է նախագահութեան թեկնածու Էրտողանին` հարցնելով. «Հայ ըլլալը արդեօք յանցա՞նք է»:
«Էրտողանին 21-րդ դարէն նորութիւններ ունինք: Հայ ըլլալը յանցանք, ամօթ, տգեղութիւն կամ մեղք չէ: Ազգային կամ մշակութային խումբերու պատկանելիութիւնը դատապարտել կամ թերագնահատելը յանցանք եւ մեղք է` Աստուծոյ առջեւ», ըսած է ան:


