Կարմիր խաչի միջազգային խորհուրդի ներկայացուցիչները այցելեցին Ազրպէյճանի մէջ գտնուող հայ ռազմագերի Յակոբ Ինջիղուլեանին եւ 5 քաղաքացիներու: Այս մասին ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան յայտնեց Ազրպէյճանի մէջ Կարմիր խաչի ներկայացուցչութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Իլահա Հիւսէյնովա: Ըստ անոր, հանդիպումը տեղի ունեցած է 6 օգոստոսին: Կարմիր խաչի միջազգային խորհուրդին միջոցով գերիները եւ անոնց հարազատները նամակներ փոխանակած են: Նշենք, որ 5 քաղաքացիական անձերը Եղիշէ Գէորգեանի ընտանիքին անդամներն են:


