Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բանակին Կողմէ Վեցօրեայ Երկաթեայ Հարուածներէ Ետք Տահեշ-Ի Եւ Ժապհաթ Նուսրայի Զինեալները Դատարկեցին Արսալը

August 8, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

0807_ARSAL_LEBANESE_ARMYԱմբողջ գիշեր լիբանանեան բանակին եւ ՏԱՀԵՇ-ի ու Ժապհաթ Նուսրայի զինեալներուն միջեւ արձանագրուած բախումներէն ետք, երէկ Արսալ գիւղաքաղաքը դատարկուեցաւ վերոնշեալ ահաբեկիչներէն` անորոշ ձգելով լիբանանեան բանակէն եւ ներքին ապահովութեան ուժերէն առեւանգուած զինուորներուն ճակատագիրը:

Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդը հաստատեց, որ անոնք ողջ առողջ են, առանց յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցելու, թէ անոնք Արսալի՞, թէ՞ Քալամունի բարձունքները փոխադրուած են` զինեալներուն ապաստարաններուն մէջ:

Նշենք, որ նախանցեալ երեկոյեան Ռաս Սարժ շրջանին մէջ բանակը կրցաւ արգիլել յարձակում մը եւ իր հակակշիռին տակ պահեց այդ շրջանը, ինչպէս նաեւ պաշտպանեց անոր շրջակայ գիւղերը` սկսելով Ֆեքհայէն հասնելով մինչեւ Լապուէ:

Արսալի բնակիչները, որոնք հաստատեցին զինեալներուն հեռանալու իրականութիւնը, յայտնեցին, որ անոնք բնաւ իրենց դէմքերը ցոյց չեն տուած, այլ մնայուն կերպով ծածկած են զանոնք:

Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդը յայտնեց, որ ինք կառչած կը մնայ իր նախաձեռնութեան, որուն հիման վրայ զինադադար հաստատուեցաւ, վիրաւորները դուրս եկան Արսալէն, իսկ մարդասիրական օժանդակութիւնները մուտք գործեցին գիւղաքաղաք:

Խորհուրդը աւելցուց, որ զինեալներուն հետ իր հաղորդակցութիւնը աւարտած է` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է բանակի զինուորներն ու ներքին ապահովութեան ուժերը ազատ արձակելու առումով գաղտնապահութիւն կիրարկել:

Խորհուրդը իր կարգին հաստատեց, որ Արսալ դատարկուած է զինեալներէն` շեշտելով, որ իրենք պիտի մնան Արսալի մէջ եւ հետապնդեն զինուորները ազատ արձակելու մանրամասնութիւնները:

Լիբանանեան բանակը իր դիրքերը պահեց Արսալի շրջակայքը եւ անոր մուտքին:

Երէկ երեկոյեան Ժապհաթ Նուսրա կազմակերպութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ իր զինեալները Արսալէն հեռացած են` աւելցնելով, որ իրենք վեց զինուորներ յանձնած են իբրեւ բարի կամեցողութեան ցուցանիշ, սակայն մնացեալ պատանդները յատուկ պարագաներ կը նկատուին:

Ժապհաթ Նուսրայի հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ իր խմբաւորումներէն մէկը կրօնական ատեանին կողմէ կը դատուի` լիբանանեան բանակի անցարգելին դէմ յարձակում գործելուն պատճառով:

Հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ Արսալ Քալամունի մէջ կռուող զինեալներուն թոքը կը նկատուի եւ պէտք չէ Արսալը կռուի դաշտի վերածել:

Նախորդը

Տիմանի Մէջ . Արեւելքի Քրիստոնեայ Հոգեւոր Պետերը Վտանգի Փողեր Հնչեցուցին

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Պըրրիի Եւ Ապտել Ռահիմ Մրատի

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.