Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Երկրին Ապահովական Կառոյցներուն Պետերուն Ներկայութեան Գումարեց Իր Նիստը

August 8, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

0807_mc_kahwajiԿառավարութիւնը երէկ առաւօտեան ժամը 10:30-ին, վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի:

Նիստին իրենց մասնակցութիւնը բերին երկրին ապահովական կառոյցներուն պետերը, որոնք կառավարութիւնը տեղեակ պահեցին երկրին ապահովական վիճակին, ինչպէս նաեւ Արսալի մէջ զինուորական իրավիճակին մասին:

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի վարչապետարանէն մեկնումի պահուն յայտնեց, որ զինեալները սկսած են Արսալէն հեռանալ` աւելցնելով, որ գերեվարուած զինուորները փոխադրուած են դէպի Արսալի բարձունքները:

Զօր. Քահուաժի հաստատեց, որ բանակը կարողութիւն եւ բաւարար զինամթերք ունի դէմ դնելու ահաբեկիչներուն` հաստատելով, որ զինուորական գետնի վրայ բանակին կացութիւնը շատ լաւ է:

Նիստին աւարտին տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ կառավարութիւնը որոշած է ներքին ապահովութեան ուժերուն կամաւորագրուողներուն թիւը 4,000-ով բարձրացնել, պետական անվտանգութեան կամաւորներուն թիւը 500-ով բարձրացնել, իսկ ընդհանուր ապահովութեան հսկիչներուն եւ երկրորդ աստիճանի քննիչներուն թիւերը 500-ականով բարձրացնել:

Ժրէյժ յայտնեց, որ կառավարութիւնը որոշած է նաեւ լիբանանեան բանակին շարքերուն մէջ 5000 զինուոր կամաւորագրել, ինչպէս նաեւ 369 սպաներ կամաւորագրել:

Կառավարութեան նիստին ընթացքին հրատապ հարց նկատուեցաւ նաեւ կրթական թղթածրարը, յատկապէս պետական քննութիւններուն ներկայացող աշակերտներուն վկայագիր տալու կրթութեան նախարարութեան որոշումը:

Այս շրջագիծին մէջ կառավարութիւնը նախարար Էլիաս Ապու Սաապը լիազօրեց յառաջիկայ 24 ժամուան ընթացքին խորհրդակցելու ուսուցիչներուն հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ ուսումնական յառաջիկայ տարեշրջանը փրկել եւ ուսանողներուն համալսարան մուտքը ապահովել:

Նիստէն ետք Ապու Սաապ յայտնեց, որ ճիշդ է այն իրականութիւնը, որ քաղաքական անձնաւորութիւնները կացութիւնը այս աստիճանի հասցուցին, սակայն Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը պէտք է աշակերտներուն շահերը գերադաս եւ առաջնահերթութիւն նկատէ:

Նշենք, որ նիստին ընթացքին վարչապետ Սալամ դրուատեց բանակին դերակատարութիւնը` հաստատելով լիբանանցիներուն միասնականութիւնը բանակին զօրակցութեան առումով:

Պէտք է աւելցնել, որ երէկ երեկոյեան վարչապետ Սալամ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին, Քաթարի շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանին եւ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս Արսալի զարգացումները:

Նախորդը

Այն Թինէի Մէջ . «Սուրիոյ Եւ Իրաքի Պատահարներուն Դէպի Լիբանան Ընդլայնումը Վտանգաւոր Է» Ըսաւ Ամին Ժեմայէլ

Յաջորդը

Տիմանի Մէջ . Արեւելքի Քրիստոնեայ Հոգեւոր Պետերը Վտանգի Փողեր Հնչեցուցին

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.