
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ յայտնեց, որ Արսալի մէջ լիբանանեան բանակին առաքելութիւնը ուղղակիօրէն կապուած է երկրին գերիշխանութեան պաշտպանութեան եւ իր ազդեցութիւնը ունի Լիբանանի միասնականութեան վրայ:
Ան մտահոգութիւն յայտնեց, որ այս հանգրուանը կրնայ երկարատեւ ըլլալ:
«Մենք բոլորս պէտք է միասնականութեամբ բանակին կողքին կանգնինք: Այս հանգրուանը Արսալի մէջ բանակին յաղթանակի հանգրուանն է, որովհետեւ այդ հանգրուանը ուղղակիօրէն կապուած է երկրին գերիշխանութեան եւ ապահովական կայունութեան պահպանումին», ըսաւ ան:
Ժեմայէլ աւելցուց, որ իրենք գիտեն, թէ ներկայիս Սուրիոյ եւ Իրաքի պատահարները ընդլայնած են դէպի Լիբանան, եւ այդ մէկը վտանգաւոր է:
Այս շրջագիծին մէջ ան կոչ ուղղեց անյապաղ նախագահական ընտրութիւն կատարելու: Ժեմայէլ աւելցուց նաեւ, որ անհրաժեշտ է յարգել սահմանադրութիւնը եւ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը չերկարաձգել: «Երեսփոխանական ընտրութիւնները պէտք է կատարուին սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին: Լիբանանի մէջ կարելի չէ խաղաղութեան եւ ապահովական կայունութեան մասին խօսիլ, եթէ սահմանադրական ժամկէտները չյարգենք», ըսաւ Ժեմայէլ:
Միւս կողմէ, Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց նախագահական ընտրութեան նիստի մը, որ տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի, 12 օգոստոս 2014-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին:


