Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՎՐԱՑԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՍԻՆՈՏԸ ՀԱՆՐՈՒԹԵԱՆ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ

July 13, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վրացական ուղղափառ եկեղեցւոյ Սինոտը փակ քննարկումէ մը ետք երկուշաբթի երեկոյեան որոշեց համաձայնութեան գալ երկրին իշխանութիւններուն հետ եւ զսպել ժողովուրդի յուզումներն ու  բողոքի գործողութիւնները:

Երկրին մէջ գործող կրօնական կազմակերպութիւններուն, որոնց շարքին նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ իրաւական կարգավիճակ շնորհելու մասին օրէնսդրական փոփոխութիւնները Վրաստանի մէջ զանգուածային բողոքի ալիք  բարձրացուցած էին եւ Վրաստանի Իլիա Բ. կաթողիկոս պատրիարքին եւ նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլիի վարչակազմին միջեւ լուրջ հակասութիւններու պատճառ դարձած:

Հանգստեան օրերուն Վրացական ուղղափառ եկեղեցւոյ աջակցութեամբ եւ օրհնութեամբ բողոքի զանգուածային ցոյցեր կազմակերպուեցան, մասնաւորաբար, տեղւոյն հայ համայնքի ներկայացուցիչներու վկայութեամբ, նկատելի էին հակահայկական տրամադրութիւններ: Օրէնսդրական փոփոխութիւններէն վրդովուած բազմութիւնը կը սպասէր եկեղեցւոյ Սինոտի որոշումին:

Սակայն հոգեւոր ժողովը, որուն մասնակցած են նաեւ Վրաստանի խորհրդարանի երեսփոխաններ իշխող կուսակցութենէն, որոշեց ընդառաջել երկրի իշխանութիւններուն:

Վրացական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ ընդունուած որոշման մէջ Սինոտը հաւատացեալներուն եւ հանրութեան խաղաղութեան կոչ կ՛ուղղէ` հակառակ «յուզումներու համար բաւարար պատճառներու գոյութեան», իշխանութիւններուն ալ կոչ կ՛ուղղէ հետագային պատրիարքարանին հետ համաձայնութեան գալ  կրօնի հետ կապուած հարցերուն շուրջ:

Միաժամանակ, Սինոտը կառավարական մակարդակով բանակցութիւններու սկսելու անհրաժեշտութիւնը կը տեսնէ, որպէսզի, նախ եւ առաջ, լուծուին դրացի երկիրներուն մէջ վրացական ուղղափառ եկեղեցւոյ կարգավիճակ շնորհելու եւ ունեցուածքի պահպանութեան խնդիրները:

Վրացական ուղղափառ եկեղեցին Վրաստանի իշխանութիւններուն նաեւ կոչ ուղղեց աշխուժացնելու ջանքերը` դրացի երկիրներուն մէջ վրացական յուշարձաններու պահպանութեան  ուղղութեամբ:

Վրաստանի խորհրդարանական մեծամասնութեան ներկայացուցիչ Լաշա Սորտիա նիստէն ետք լրագրողներուն տեղեկացուց, որ համաձայնութիւն  ձեռք բերուեցաւ պետութեան եւ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ ստեղծելու երեք յանձնախումբեր, որոնցմէ մէկը պիտի զբաղի դրացի երկիրներուն մէջ վրացական եկեղեցւոյ կարգավիճակի հարցով:

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը արդէն իսկ յայտարարած է, որ վրացական եկեղեցին, վրացական ուղղափառ համայնքը  որեւէ խնդիր չունին Հայաստանի մէջ արձանագրուելու առնչութեամբ:

Վրաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնը եւ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցչութիւնը ողջունած են երկրին մէջ գործող կրօնական կազմակերպութիւններուն իրաւական կարգավիճակ տալու որոշումը:

 

 

Նախորդը

ՄԵՏՎԵՏԵՒ ԵՒ ՕՊԱՄԱ ՔՆՆԱՐԿԱԾ ԵՆ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱՐՑԸ

Յաջորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՈՒՔՐԱՆԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.