Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հակառակ Իսլամ Կրօնաւորներու Խորհուրդին Ջանքերուն` Արսալի Մէջ Բախումները Սաստկացան

August 7, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

0806_army_pic_1Անցեալ շաբաթ օրուընէ ի վեր Արսալի մէջ կացութիւնը կը մնայ լարուած, իսկ բանակին եւ ՏԱՀԵՇ-ի ու Ժապհաթ Նուսրայի միջեւ բախումները աւելի եւս կը սաստկանան:

Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդը ամէն ջանք ի գործ դրաւ զինադադարի մը հասնելու համար, սակայն զինեալները մնացին Արսալի մէջ եւ պատճառ դարձան, որ Արսալէն յաւելեալ բնակիչներ տեղահան ըլլան:

Երեկոյեան ժամը 7:00-ին յայտարարուած այսպէս կոչուած զինադադարը կէս ժամ ետք ոչ եւս էր, եւ զինեալները սկսած էին ռմբակոծել բանակը, որ իր կարգին թնդանօթներով եւ բազմափողային հրթիռային համակարգով ռմբակոծեց ահաբեկիչներուն ապաստարանները:

Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդին անունով խօսք առաւ շէյխ Պաքր Ռիֆային, որ յայտնեց, թէ զինեալներուն մօտ տակաւին կը գտնուին ներքին ապահովութեան ուժերուն մաս կազմող 17 զինուորականներ, ինչպէս նաեւ 10 բանակայիններ, որոնց ազատ արձակումին մասին զինեալները խոստում տուած են:

Ան հաստատեց, որ անհրաժեշտ է դէպի Արսալ մարդասիրական օժանդակութիւններ փոխադրել:

Սակայն Լապուէի բնակիչները արգիլեցին մարդասիրական օժանդակութիւններուն Արսալ մուտքը` դիտել տալով, որ անոնք պիտի հասնին ահաբեկիչներուն:

Մարդասիրական օժանդակութիւններուն Արսալ մուտքը արգիլելու արարքին դէմ իբրեւ բողոք լիբանանեան զանազան շրջաններուն մէջ երիտասարդներ փակեցին փողոցներն ու մայրուղիները:

Այս շրջագիծին մէջ փակուեցան Թրիփոլի-Աքքար մայրուղին, Սայտա-Պէյրութ մայրուղին, Կեդրոնական Պէյրութի Մոհամետ Էմին մզկիթի ճամբան, Պըտտաուիի միջազգային ճամբան, ինչպէս նաեւ Մարզական աւան-Քասքաս ճամբան:

Երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Արսալ չհասած մարդասիրական օժանդակութիւնները փոխադրող փոխադրակառքով փակուեցաւ Սաատնայէլի ճամբան:

Այդ մասին Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդի նախագահ շէյխ Ատնան Իմամա յայտնեց, որ Սաատնայէլի ճամբան փակ պիտի մնայ, մինչեւ որ Արսալի դէմ ռմբակոծումը դադրի եւ այդ օժանդակութիւնները Արսալ հասնին:

 

 

Նախորդը

Զօր. Աուն – Ժոմպլաթ Հանդիպում

Յաջորդը

Էրտողան Կը Դժգոհի, Որ Զինք Հայ Կոչած Են

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.