
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին վերահաստատեց լիբանանեան բանակին ամէն տեսակի զօրակցութիւն եւ օժանդակութիւն ապահովելու կարեւորութիւնը:
Ան կոչ ուղղեց այս զգայուն եւ դժուար պահերուն բանակին նեցուկ կանգնելու` ընդգծելով, որ ապահովութեան մարզին մէջ ներդրում կատարելը այս հանգրուանին առաջնահերթութիւն է:
Խորհրդարանի նախագահը հաստատեց նաեւ երկրին ազգային միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ այս հանգրուանին անիկա ոսկեայ տարազի համազօր է:
Պըրրի վերստին մերժեց խորհրդարանի պաշտօնավարութեան շրջանի երկարաձգումը` նկատել տալով, որ ինք պահանջած է ներքին գործոց նախարարութենէն` կազմակերպել երեսփոխանական ընտրութիւնները:
Միւս կողմէ, Պըրրի իր այցելուներուն ներկայութեան հաստատեց, որ ինք կը բաժնէ Արսալի մասին վարչապետ Թամմամ Սալամի կեցուածքները` աւելցնելով, որ բանակին զօրակցելու իմաստով խորհրդարանի նիստ մը գումարելու կարիք չկայ:
Ան ընդգծեց, որ բանակը քաղաքական համաձայնութիւններու հետ ոչ մէկ կապ ունի եւ քաջ գիտէ իր առաքելութիւնը:


