Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Անհրաժեշտ Կը Նկատէ, Որ Լիբանանի Բարեկամ Երկիրները Օժանդակեն Բանակին Զինման

August 7, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նիստէն պահ մը
Նիստէն պահ մը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որմէ բխած հաղորդագրութեան մէջ խորհուրդը վերահաստատեց իր կատարեալ զօրակցութիւնը նախագահական ընտրութեան վերաբերող Ռայի պատրիարքին կեցուածքին:

Խորհուրդը շեշտեց, որ նախագահական աթոռի դատարկումը` հանրապետութեան դատարկում կը նշանակէ:

Մարոնի եպիսկոպոսները հաստատեցին, որ քաղաքական տարբեր տեսակէտները բարիքներ են, սակայն անոնք կրնան չարիքի վերածուիլ, եթէ քաղաքացիներուն միջեւ տարակարծութիւններու վերածուին: Խորհուրդը կոչ ուղղեց երեսփոխաններուն արագացնելու նախագահական ընտրութիւնը:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը ցաւ յայտնեց ահաբեկչական շարժումներուն կողմէ Արսալի մէջ բռնկած արիւնալի դէպքերուն, բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն դէմ գործուած յարձակումներուն եւ բնակիչներուն տեղահան ըլլալուն գծով: Խորհուրդը իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց բանակին ու ապահովութեան ուժերուն եւ քաղաքական ուժերէն պահանջեց քաղաքական պլոքներուն ընկերային եւ քաղաքական զօրակցութիւն տրամադրել:

Մարոնի եպիսկոպոսները իրենց վստահութիւնը յայտնեցին բանակին իմաստունութեան ու անոր ազգային առաքելութեան նկատմամբ եւ անհրաժեշտ նկատեցին, որ Լիբանանի բարեկամ երկիրները օժանդակեն բանակին զինման:

Անոնք մտահոգութիւն յայտնեցին նաեւ Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական կայունութեան առնչութեամբ եւ կոչ ուղղեցին պետական քննութիւններու ներկայացած աշակերտները փրկելու իրենց անորոշութենէն:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը խստիւ դատապարտեց Իրաքի աղօթատեղիներուն դէմ գործուած յարձակումներուն եւ յատկապէս Մուսուլի բնակչութիւնը բռնագաղթի ենթարկելուն եւ շրջանը քրիստոնեաներէն պարպելու արարքը, ինչպէս նաեւ մտահոգութիւն յայտնեց Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքին նկատմամբ արձանագրուած սպառնալիքներուն գծով:

 

Նախորդը

Երեկոյեան Հանդիպում` Զօր. Սլէյմանի Բնակարանին Մէջ

Յաջորդը

Պըրրի Կը Պահանջէ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու Պատրաստուիլ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.