Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ. «Ահաբեկչութեան Դէմ Կռուելու Մարտական Եւ Երկխօսութեան Պատրաստակամութիւն Կայ»

August 7, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պասիլ եւ Հէյլ
Պասիլ եւ Հէյլ

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Արսալի մէջ ներկայ իրավիճակը լիբանանեան բանակին պայքարով եւ քաջութեամբ, ինչպէս նաեւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ անոր յաղթանակին իբրեւ արդիւնք արձանագրուած է:

Պասիլ ընդգծեց, որ Արսալի մէջ պատահածը լիբանանեան օրինակին յաղթանակն է` ՏԱՀԵՇ-եան նմուշին դէմ:

Ան հաստատեց, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յանձնառու է ըստ օրէնքի գործելու` պահպանելու համար Լիբանանի գերիշխանութիւնը:

Այս շրջագիծին մէջ ան հաստատեց, որ երբ սուրիական կողմէն լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւն կատարուի, Լիբանան համապատասխան դիւանագիտական բողոքը կը ներկայացնէ` պահպանելու համար Լիբանանի գերիշխանութիւնը:

«Սակայն այս հանգրուանին մեզի համար յստակ է, որ Լիբանան ահաբեկչութիւնը հիւրընկալող միջավայր մը չէ, այլ գաղթակայանները, որոնց մասին նախապէս զգուշացուցած էինք: Հետեւաբար այս ճշմարտութեան լոյսին տակ լիբանանեան հողերուն վրայ գաղթակայաններ հիմնելու պահանջը կը ջրուի», ըսաւ ան:

Պասիլ յայտնեց, որ ահաբեկչութեան դէմ կռուելու մարտական եւ երկխօսութեան պատրաստակամութիւն կայ, ինչպէս նաեւ պահանջեց լիբանանեան բանակին անյապաղ զինումը:

Միւս կողմէ, Պասիլ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը, որմէ բացատրութիւն պահանջեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախկին նախարար Հիլըրի Քլինթընի կատարած այն յայտարարութեան մասին, թէ ՏԱՀԵՇ-ը ամերիկեան արտադրութիւն է:

Պասիլ Հէյլը տեղեակ պահեց նաեւ Լիբանանի կողմէ միջազգային ատեանին մօտ առնուած քայլին, որ կը վերաբերի Կազայի եւ Մուսուլի:

Պասիլ ամերիկացի պաշտօնատարներէն պահանջեց, որ Ուաշինկթըն եւս օրինական միջոցառումներու դիմէ` հաւատադրժողական – ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ մարդկութեան դէմ գործուող ոճիրներուն առումով, յատկապէս Մուսուլի եւ Արսալի մէջ:

Պասիլ Հէյլին շնորհակալութիւն յայտնեց Միացեալ Նահանգներու կողմէ լիբանանեան բանակին տրամադրուած բոլոր օժանդակութիւններուն համար:

Նախորդը

Հարիրի Պաշտօնապէս Յայտարարեց Լիբանանեան Բանակին Կատարուած Սէուտական Օժանդակութիւնը

Յաջորդը

Կրթութեան Նախարարը Կ՛որոշէ Վկայագիրներ Յանձնել, Իսկ Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը Կը Մերժէ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.