Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արսալի Մէջ Բուռն Բախումները Շարունակուեցան Բանակին Եւ Ահաբեկչական Խմբաւորումներուն Միջեւ. Մարդասիրական Բնոյթի Զինադադարը Չեղեալ Նկատուեցաւ

August 6, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

0805_arsal5Արսալի մէջ բանակին եւ ՏԱՀԵՇ-ի ու Ժապհաթ Նուսրայի միջեւ բախումները շարունակուեցան երէկ ամբողջ օրուան ընթացքին` պատճառելով յաւելեալ զոհեր եւ վիրաւորներ:

Երեկոյեան ժամը 7:00-ին Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդին ջանքերով 24 ժամուան մարդասիրական զինադադար մը հաստատելու կարելիութիւնը իրականութիւն դարձաւ, Արսալէն դուրս բերելու համար վիրաւորները, ինչպէս նաեւ զինեալներուն հեռացումը ապահովելու համար:

Սակայն Ուատի Աթայի մէջ բանակին եւ ահաբեկիչներուն միջեւ բուռն բախումներ արձանագրուեցան:

Երէկուան բախումներուն ընթացքին սպաննուեցաւ Ապու Հասան Հոմսին, որ պատասխանատու էր լիբանանեան շրջաններ ուղարկուող ինքնաշարժներու ականումին:

Արսալի մէջ բանակը ձերբակալեց նաեւ ՏԱՀԵՇ-ի անդամ Սլէյման Խալետ Ալին, որ ծնած է Քաայի մէջ, 1990-ին:

0805_orsalԼիբանանեան բանակը Արսալի մէջ արձանագրեց յառաջխաղացք մը` տիրանալով ռազմավարական յաւելեալ բարձունքներու:

Կէսօրուան բուռն ռմբակոծումներէն եւ բախումներէն ետք Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդը յաջողեցաւ հանդարտեցնել կացութիւնը, որուն իբրեւ արդիւնք նախանցեալ երեկոյեան Արսալ մուտք գործած Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդի պատուիրակութիւնը կրցաւ դուրս գալ Արսալէն:

Բանակը ստանձնեց պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէր Թրիփոլիի Թաքուա մզկիթի իմամ շէյխ Սալեմ Ռաֆիհին:

Աւելի ուշ, Արսալի մէջ դիրքաւորուած զինեալները ազատ արձակեցին իրենց գերեվարած ներքին ապահովութեան ուժերէն երեք անդամներ` Ռամի Ժամալ, Խալետ Սոլհ եւ Թանիոս Մրատ:

0805_orsal_-(1)Ազատ արձակուելէ ետք անոնք փոխադրուեցան Ռաս Պաալպեքի բանակի գաղտնի սպասարկութեան կեդրոնը:

Իր կարգին, շէյխ Սալեմ Ռաֆիհի փոխադրուեցաւ Զահլէի Լիբանանեան ֆրանսական հիւանդանոցը, ուր ան յայտնեց, թէ զինեալները կը փափաքին լքել Արսալը եւ անոնք չեն ուզեր իշխել Արսալի:

Ռաֆիհի ըսաւ, որ անոնք պարզապէս կը պահանջեն վիրաւորները փոխադրել եւ Արսալէն դուրս եկող սուրիացի գաղթականներուն նկատմամբ լաւ վարուելակերպ ապահովել:

Ժումաայի ազատ արձակումը պահանջելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ռաֆիհի յայտնեց, որ ատիկա պահանջողը այժմ գոյութիւն չունի: «Արսալի մէջ գտնուող զինեալները կը վախնան քաղաքացիներուն վրայ եւ կը փափաքին ամէնէն մօտիկ ապագային հեռանալ Արսալէն` շեշտելով, որ անիկա իրենց պատերազմը չէ», հաստատեց Ռաֆիհի:

«Մանար» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Մուսթաֆա Հուժէյրի տեղեակ էր ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի ծրագիրէն, որովհետեւ ան Արսալի մէջ հրահանգները արձակողն էր, ինչպէս նաեւ Քալամունի մէջ զինեալներուն գումակային զօրակցութիւն ապահովողը:

Երեկոյեան վարչապետ Թամմամ Սալամ վարչապետարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքի, արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆիի, Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյրի, Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդէն պատուիրակութեան մը եւ Արսալի հեղինակութիւններէն ոմանց հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Արսալի մէջ կացութիւնը բարելաւելու միտումով ի գործ դրուող ջանքերը:

Ապա վարչապետ Սալամ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ զօր. Քահուաժիի հետ, համաձայնութիւն գոյացաւ 24 ժամուան մարդասիրական զինադադար մը հաստատելու` դուրս բերելու համար վիրաւորները եւ ապա յանձնելու համար գերեվարուած բանակայիններն ու ներքին ապահովութեան ուժերը: Մինչ այդ, սակայն,

բանակը իր դիրքերուն վրայ կազմ ու պատրաստ պիտի մնայ:

Սակայն երեկոյեան ուշ ժամերուն մարդասիրական սոյն զինադադարը չեղեալ նկատուեցաւ, երբ զինեալները մեծ յարձակում մը գործեցին Արսալի Ուատի Ռաայան շրջանին մէջ գտնուող բանակային կեդրոնի մը վրայ:

ԱՅԼ զարգացումով մը, ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը երէկ ուշ գիշերին Թաննուրինի մէջ ձերբակալեց երեք հոգի, որոնք ՏԱՀԵՇ-ի անդամաքարտեր կը կրէին:

Զօր. Քահուաժի Կը Պահանջէ
Բանակին Զինումը

Բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի յայտնեց, որ Արսալի մէջ բանակը իր պայքարը շարունակելու համար կարիքը ունի զինուորական օժանդակութեան:

Ան կոչ ուղղեց Ֆրանսայի` բանակը անմիջապէս զինելու, որովհետեւ Արսալի մէջ կացութիւնը բաւական վտանգաւոր է:

Լիբանանի Եւ Լիբանանեան Բանակին
Զօրակցական Կեցուածքներ

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի շեշտեց, որ Արաբական լիկան կը զօրակցի լիբանանեան բանակին, որ Արսալի մէջ կը պայքարի ահաբեկչութեան եւ հաւատադրժողական խմբաւորումներուն յարձակումներուն դէմ:

Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նախկին նախագահ Միշել Սլէյմանի հետ եւ շեշտեց, որ Ռիատ կը զօրակցի Լիբանանին եւ լիբանանեան բանակին, որ կը պայքարի ահաբեկչութեան դէմ:

Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը հաստատեց, որ Սէուտական Արաբիան պատրաստ է լիբանանեան բանակին արտակարգ աջակցութիւն տրամադրելու:

Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը հաստատեց, որ իր երկիրը կը զօրակցի Լիբանանին` ներկայ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու առումով:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստիւ դատապարտեց Արսալի մէջ բանակին դէմ կատարուած յարձակումը եւ զօրակցութիւն յայտնեց Լիբանանին ու բանակին` կոչ ուղղելով լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններուն Սուրիոյ տագնապին մաս չկազմելու:

Նախարարութիւնը շեշտեց, որ Ֆրանսա կը փափաքի անմիջապէս անսալ զօր. Ժան Քահուաժիի պահանջին եւ անմիջապէս զինել բանակը` անոր տրամադրելով զէնքի եւ զինամթերքի իր կարիքները:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստիւ դատապարտեց Արսալի դէմ ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկչական յարձակումը եւ կատարեալ զօրակցութիւն յայտնեց Լիբանանին:

Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհ Ալի բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիին յղեց նամակ մը, որուն մէջ ան շեշտեց, որ բանակը Լիբանանի կառավարութեան որոշումով պիտի կարենայ հակակշիռի տակ առնել մութ ուժերը:

 

Նախորդը

Հէյլ Այցելեց Պըրրիի Եւ Ռիֆիի

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.