Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սալամ Ընդունեց Մաունթընը, Հէյլն Ու Հարպը

August 6, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մաունթըն եւ վարչապետ Սալամ
Մաունթըն եւ վարչապետ Սալամ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի ներկայացուցիչ Ռութ Մաունթընը, որուն հետ քննարկեց Արսալի իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Մաունթըն շեշտեց Լիբանանի գերիշխանութեան իր զօրակցութիւնը. ան դատապարտեց բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն դէմ գործուած յարձակումը:

Մաունթըն հաստատեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը կը զօրակցի լիբանանեան բանակին եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն` ահաբեկչութեան դէմ անոնց մղած պայքարին եւ երկրին ապահովական կայունութեան պահպանումին համար:

«Ապահովութեան խորհուրդը անհրաժեշտ գտաւ նաեւ լիբանանեան բանակին զինումը, ինչպէս նաեւ զօրակցութիւն յայտնեց Լիբանանի կառավարութեան եւ երկրին խորհրդարանէն պահանջեց անյապաղ ընտրել հանրապետութեան նախագահ մը», ըսաւ Մաունթըն:

Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլ, որ յայտնեց, թէ Ուաշինկթըն կը դրուատէ լիբանանեան ապահովութեան ուժերուն, յատկապէս բանակին քաջութիւնը` աննախընթաց սպառնալիքներուն դիմաց:

Հէյլ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ մնայուն կերպով կը զօրակցին բանակին եւ կ՛օժանդակեն անոր` դիմադրելու համար անոր դէմ ծառացող սպառնալիքներուն:

Հէյլ աւելցուց, որ բանակը կրնայ վստահիլ ամերիկեան օժանդակութիւններուն:

Ան շեշտեց նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն նեցուկ կանգնիլ բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն, որոնք երկրին սահմանները կը պաշտպանեն եւ երկիրը ահաբեկչութենէ կը պաշտպանեն:

Ան կոչ ուղղեց Լիբանանը անջատելու շրջանային տագնապներէն` կառչած մնալով չէզոք քաղաքականութեան:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ: Քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

Հարպ անհրաժեշտ նկատեց Լիբանան հասած սուրիացիներու գաղթակայաններուն թղթածրարը վերատեսութեան ենթարկել:

Վարչապետ Սալամի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթ:

Նշենք, որ վարչապետ Սալամ հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն համաձայն, ուրբաթ, 15 օգոստոս 2014-ին, պետական հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի մնան Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով:

 

Նախորդը

Զօր. Աուն Կը Զգուշացնէ Ահաբեկչութեան Հետ Բանակցելէ

Յաջորդը

Սլէյման Այցելեց Եարզէ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.