ՀՄԸՄ-ի Սկաուտներու
5-րդ Դպրոց-Բանակումը
16-24 Օգոստոս
ՀՄԸՄ-ի Շրջանային սկաուտական խորհուրդին կազմակերպութեամբ, 5-րդ դպրոց-բանակումը պիտի բացուի յառաջիկայ 16 օգոստոսին, կիրակի, Պուա տը Պոլոնիայի անտառին մէջ, մասնակցութեամբ Մերձ. Արեւելքի ՀՄԸՄ-ի սկաուտական շարքերու առաջնորդներուն եւ համապատասխան սկաուտական զարգացում ունեցող թեկնածուներուն:
Առաջին դպրոց-բանակումը տեղի ունեցաւ 1959-ին Համմանայի մէջ, երկրորդը` 1960-ին Քեսապ, երրորդը 1962-ին` Տհուր Շուէր, չորրորդը 1963-ին` Ատոնիսի եւ Պէյրութ մէջ: Բոլորին ալ մասնակցեցան 35-էն 45 աստիճանաւորներ: Հինգերորդին մասնակցելու համար արդէն դիմած են Պէյրութի, Պուրճ Համուտի եւ Երուսաղէմի աւելի քան 30 առաջնորդները: Շատ հաւանաբար այս թիւը բարձրանայ 50-ի, այլ մասնաճիւղերու մասնակցութեամբ:
Դպրոց-բանակումին նպատակն է պատրաստութիւն առաջնորդներու եւ Բ. կարգի կատարեալ սկաուտներու:
Դասախօսութիւններու եւ գործնական աշխատանքներու ցուցադրութիւններ պիտի կատարուին բժիշկներու, դաստիարակ ուսուցիչներու եւ սկաուտ խմբապետներու կողմէ, իսկ ընդհ. քննիչի պաշտօնը պիտի կատարէ Լիբանանի կրթական նախարարութեան ներկայացուցիչ պր. Թուֆիք Ապու Սալեհ:
Այս տարի բանակում-դպրոցը պիտի զուգադիպի Լիբանանի սկաուտական կազմի ընդհ. բանակում հաւաքոյթին 22-23 օգոստոսին, նոյն վայրին մէջ, եւ այս ձեւով մանաւանդ շրջաններէն ժամանող սկաուտները առիթը պիտի ունենան նաեւ ներկայ գտնուելու եւ մասնակցելու ձեռային աշխատանքներու պատրաստութեան եւ անոնց թեքնիքին ծանօթանալու:
Կ՛իմանանք, որ դպրոց-բանակումին մասնակցող թեկնածուներու արձանագրութիւնները կը փակուին 12 օգոստոսին: Անոնք, որոնք կը փափաքին մասնակցիլ, պարտին մասնաճիւղի սկաուտական խորհուրդին կամ վարչութեան միջոցով արձանագրուիլ:
Հայլէ Սելասիէ Կայսեր Հրաւէրով
Խորէն Ա. Կաթողիկոս
Պիտի Երթայ Եթովպիա
Վեհափառը Պիտի Մասնակցի Արեւելեան
Ուղղափառ Եկեղեցիներու Համաժողովին
Հրաւիրուած Է Նաեւ
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դիւանէն ստացանք 4 օգոստոս 1964 թուակիր հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.-
Ի գիտութիւն հաւատացեալ հայ ժողովրդեան` կը ծանուցենք, թէ Ս. Աթոռիս վեհափառ հայրապետը պաշտօնական հրաւէր ստացած է Եթովպիոյ կայսեր Հայլէ Սելասիէ Ա.ի կողմէ` մասնակցելու համար Արեւելեան ազգային ուղղափառ եւ դաւանակից քոյր եկեղեցիներու համաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ սեպտեմբեր 25-հոկտեմբեր 5-ի ժամանակամիջոցին, Ատիս Ապեպայի մէջ:
Կայսեր հրաւէրը Ս. Աթոռիս վեհափառ հայրապետին յանձնուեցաւ Լիբանանի մէջ Եթովպիոյ Ընդհանուր պետը` հիւպատոսին ձեռամբ:
Յիշեալ համաժողովին հրաւիրուած են.-
1.- Ս. Էջմիածնի վեհափառ հայրապետը` Վազգէն Ա. կաթողիկոս:
2.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետը` Խորէն Ա. կաթողիկոս:
3.- Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ պետը Իգնատիոս Եագուպ պատրիարք, Դամասկոս:
4.- Մալապարի (հարաւային Հնդկաստան) ասորի եկեղեցւոյ պետը` Տիմոթէոս կաթողիկոս:
5.- Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ պետը` Կիւրեղ պատրիարք, Գահիրէ:
6.- Եթովպիոյ ուղղափառ եկեղեցւոյ պետը Բասիլիոս պատրիարք, Ատիս Ապեպա:
Ս. Աթոռիս վեհափառ կաթողիկոսը ընդառաջելով կայսեր հրաւէրին` եկեղեցական յատուկ պատուիրակութեամբ մը պիտի մեկնի Ատիս Ապեպա եւ պիտի մասնակցի սոյն կարեւոր եւ իր տեսակէտին մէջ առաջին համաժողովին:
