Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մարգարեան. «Հայրենիքը Ծնողքի Նման Է, Եւ Ծնողքի Նկատմամբ Պատասխանատուութեան Զգացումով Ալ Պէտք Է Վերաբերիլ Հայրենիքին»

August 5, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

0804_Hrant-Markarian«Ազրպէյճանը իր տկարութենէն մեկնելով լարուածութիւն կը ստեղծէ, որպէսզի ազդէ բանակցային հոլովոյթին վրայ եւ իրեն համար բարենպաստ մթնոլորտ ստեղծէ», այս մասին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան` անդրադառնալով սահմանային լարուածութեան: Մարգարեան սոյն յայտարարութիւնը կատարեց Բիւրականի մէջ` հանդիպելով Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան նախաձեռնութեամբ աշխարհի 18 երկիրներէ Հայաստան ժամանած երիտասարդներուն հետ:

«Հայրենիքին աջակցելու հարցով դերակատար պէտք է ըլլայ իւրաքանչիւր հայ, աշխարհի որ անկիւնն ալ որ կ՛ապրի», Մարգարեան այս խրատով դիմեց երիտասարդներուն:  «Եթէ մենք մաս կը կազմենք հայ ժողովուրդին, կը նշանակէ ունինք իրաւունքներ եւ պարտականութիւններ: Եթէ կայ պատասխանատուութիւն, կայ նաեւ աշխատանք: Դուք  ՀՄԸՄ-ի  ճանապարհով կը կերտէք այդ ճակատագիրը: Եւ ես անոր համար շատ ուրախ եմ», ըսաւ  ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը:  Հրանդ Մարգարեան նկատեց նաեւ, որ տարբեր երկիրներու հայ երիտասարդութիւնը հայրենիքի մէջ համախմբուած է այն ժամանակ, երբ սահմանին անհանգստութիւն կայ: «Ամէն պահ կը փորձեն  մեզմէ զոհեր խլել, տակաւին Հայաստանը պատերազմի մէջ է, եւ մեզի կը պարտադրեն պատերազմ: Մենք կրնանք դիմակայել բոլոր դժուարութիւնները իբրեւ համաշխարհային ազգ: Մեր ուժերը չեն սահմանափակուիր միայն Հայաստանով, մենք ուժեղ ենք ամբողջ աշխարհի տարածքին վրայ»:

Երիտասարդներուն ուղղուած խօսքին մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը նշեց, որ հայրենիքը ծնողքի նման է, եւ ծնողքին նկատմամբ պատասխանատուութեան զգացումով ալ պէտք է վերաբերիլ հայրենիքին: «Եւ ատիկա պէտք չէ պայմանաւորել ծնողքի որակային յատկանիշներով: Մեր պետութիւնը կրնայ շատ-շատ թերութիւններ ունենալ, շատ սխալներ կրնան ըլլալ մեր մէջ: Ատոր համար պէտք է պայքարինք եւ շտկենք, բայց ոչ մէկ բան կրնայ պատճառ դառնալ, որ մենք մեր հայրենիքէն երես թեքենք, ոչ մէկ բան կրնայ պատճառ դառնալ, որ մենք պատասխանատու չըլլանք մեր երկրի ապագային նկատմամբ: Մեր ժողովուրդին նկատմամբ այս գիտակցութիւնն է, որ մեզի պէտք է ուղեկցի», ըսաւ  Մարգարեան:

 

 

 

Նախորդը

Մինչ Սարգսեան Եւ Ալիեւ Կը Պատրաստուին Սոչիի Մէջ Իրարու Հանդիպելու. Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանագիծին Վրայ Կացութիւնը Կը Մնայ Լարուած

Յաջորդը

ՀՅԴ Յայտարարութիւնը Արցախի Սահմանային Վերջին Բախումներուն Մասին

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.