Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ մասնակցեցաւ Ոչ յանձնառու երկիրներուն կազմակերպութեան Պաղեստինի յատուկ յանձնախումբին հրաւիրած արտակարգ ժողովին, որուն ընթացքին ան յայտնեց, որ Կազան միջազգային օրէնքին հարցն է` աւելցնելով, որ Կազան արդարութեան դատն է եւ պէտք չէ անոր հետ անարդար կերպով վարուիլ:
Պասիլ նշեց, որ Կազան Իրաքի եւ Մուսուլի դատն է, ինչպէս նաեւ Արսալի դատը, որովհետեւ այդ շրջաններուն մէջ սպանդներ գործող ջարդարարները` Իսրայէլն ու ՏԱՀԵՇ-ը, կրօնի անունով կը գործեն իրենց ջարդերը:
Ան հաստատեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի գոյութիւնը ծրագիր մըն է` արդարացնելու իսրայէլեան գոյացութիւնը, մինչդեռ մենք իբրեւ իսլամ արաբներ, քրիստոնեաներ, սիւննիներ եւ շիիներ, պէտք է պայքարինք պահպանելու համար արեւելեան մեր ինքնութիւնը: «Արդեօք մենք զմեզ չեղեա՞լ պէտք է նկատենք, կամ մեր երկիրները ջնջե՞նք, ինչպէս շրջանին կը պարտադրէ Իսրայէլի մշակած ծրագիրը», հարց տուաւ Պասիլ:
Պասիլ յայտնեց, որ Լիբանան Արսալի մէջ կը դիմադրէ հաւատադրժողական ահաբեկչութեան, եւ կոչ ուղղեց բոլորին զօրակցելու բանակին եւ անմիջական զինում պահանջեց անոր, որպէսզի կարենայ շարունակել հաւատադրժողական խմբաւորումներուն դէմ իր պայքարը:


