Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հակառակ Զինադադարի Յայտարարութեան . Կազայի Դէմ Յարձակումը 29-րդ Օրն Ըլլալով Շարունակուեցաւ

August 5, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

0804_gazaԻսրայէլ երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ 17:00 զինադադար յայտարարեց` բացառելով Ռաֆահի շրջանը: Համաս շարժումը յայտարարեց, որ իսրայէլեան բանակի յայտարարած մարդասիրական զինադադարին նկատմամբ վստահութիւն չունի: Համասի բանբեր Սամի Ապու Զուհրի յայտնեց, որ այդ զինադադարին նպատակը Իսրայէլի գործած ջարդերէն ուշադրութիւնը շեղելն է:

Ժամը 10:00-ն հազիւ անցած էր, երբ Իսրայէլ շարունակեց Կազայի դէմ իր յարձակումները` Ժապալիայի մէջ հարուածելով տուն մը, ուր արձանագրուեցաւ 5 զոհ: Ժապալիայի մէջ իսրայէլեան յարձակումի թիրախ դարձած տան մը մէջ սպաննուեցաւ նաեւ Կազայի հիւսիսային շրջանին մէջ Սարայա Քուտսի ղեկավար Տանիէլ Մանսուրը:

Պաղեստինեան առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ առաւօտեան հաղորդեց, որ Կազայի դէմ իսրայէլեան յարձակումին զոհերուն թիւը բարձրացած է 1857-ի, իսկ վիրաւորներունը` 9400-ի:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի կոչ ուղղեց Կազայի մէջ ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի դպրոցներուն դէմ իսրայէլեան յարձակումներուն շուրջ հետաքննութիւն կատարելու` աւելցնելով, որ ՄԱԿ-ի պատկանող կեդրոններուն մօտ պաղեստինցի զինեալներու ներկայութեան շուրջ կասկածները անմեղ քաղաքայիններու կեանքերը վտանգող յարձակումները չեն արդարացներ:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարի, սպայակոյտի եւ Շապաքի պետերուն հետ իր խորհրդակցութիւններէն ետք յայտնեց, որ փապուղիներուն դէմ աշխատանքը աւարտելէ ետք, իսրայէլեան բանակը պիտի շարունակէ գործել ըստ ապահովական պահանջներուն, մինչեւ զինուորական գործողութեան նպատակներու իրագործումը:

 

 

Նախորդը

Ռուսիա. «ՕԹԱՆ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Ճնշում Կը Գործադրէ Մալեզիական Օդանաւի Ջախջախման Հետաքննութեան Վրայ»

Յաջորդը

Պասիլ. «Լիբանանեան Բանակը Պէտք Է Անմիջապէս Զինել` Դիմադրելու Համար Ահաբեկչութեան Եւ Ահաբեկիչներուն»

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.