Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Հանրապետութեան Միւֆթին Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

August 4, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

0731Patr-Nerses-BedrosՀինգշաբթի, 31 յուլիս 2014-ի կէսօրին հայ կաթողիկէ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը. հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Վարդան վրդ. Գազանճեան:

Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպումին ընթացքին երկու հոգեւոր պետերը անդրադարձան Միջին Արեւելքի ներկայ տագնապալի իրավիճակին, յատկապէս Իրաքի, Սուրիոյ, Պաղեստինի եւ Եգիպտոսի մէջ ժողովուրդներուն դիմագրաւած մեծ դժուարութիւններուն: Հանրապետութեան միւֆթին նշեց, որ արտաքին շահերն ու միջամտութիւնները տարածաշրջանին մէջ կը պառակտեն ու կը քայքայեն երկիրները` յառաջացնելով ծայրայեղ ու վտանգաւոր շարժումներ ի նպաստ Իսրայէլի եւ բռնատիրական ուժերուն:

Իսլամ համայնքապետը հոգեւոր տիրոջ ներկայացուց օրինակ մը «Կտակ ու կանոնադրութիւն»  ծրագիրէն, որուն անձնապէս նախաձեռնած է ի սպաս Լիբանանի իսլամ-քրիստոնեայ խաղաղ համակեցութեան ու ազգային համերաշխութեան, նկատի առնելով հետզհետէ յառաջացող սպառնալիքները` մանաւանդ քրիստոնեայ հասարակութիւններուն դէմ, տարածաշրջանին մէջ: Այս գծով ան հրաւէր մը ուղղեց  Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին` ներկայացուցիչով մը մասնակցելու առաջին հանդիպումին, որ տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի, 5 օգոստոսին, Տար Ֆաթուայի մէջ:

Հոգեւոր տէրը իր կարգին քաջալերեց  ու գնահատեց այս նախաձեռնութիւնը եւ նշեց, թէ Լիբանանի եւ Արեւելքի կաթողիկէ պատրիարքներու խորհուրդը արդէն կը գործէ այս ուղղութեամբ, ապա ան շեշտեց միջկրօնական մնայուն երկխօսութեան ու տարբեր համայնքներու միջեւ համերաշխ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը` ներկայ քաղաքական ծանր պայմաններուն մէջ:

Նախորդը

Սուրիական Օրագրութիւն-56

Յաջորդը

Վատ Լուրերու Տարափին Տակ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.