Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վատ Լուրերու Տարափին Տակ

August 4, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Երկաթեայ ջիղեր պէտք է ունենալ` ազգային թէ միջազգային լուրերու տարափին տակ ճզմուած հոգիով օրը քարշ չտալու համար: Ահա՛ օրագիր մը, որուն քանի մը տարբերակները կրնան կրկնուիլ ու կրկնուիլ:

Հալէպի մէջ երկու երիտասարդ քոյրերու սպանութեան գուժը յաջողած էր նախորդ գիշերուան քունս անհանգիստ գալարումներով յագեցնել: Գլխացաւով վեր կեցած` առաւօտեան առաջին հարուածը կու գայ Արցախի սահմանէն. երկու նահատակներ կ՛աւելնան հայ հերոսներու աստղաբոյլին: Որքա՛ն ալ գեղեցիկ բառերով բնութագրուի ողբերգութիւնը, ցաւը ահաւոր է:

Ընդմիջելով տնային լրաքաղը` ճամբայ կ՛ելլեմ դէպի խմբագրատուն: Ձայնասփիւռէն ՆԱՍԱ-ի գիտնական մը կը ներկայացնէ Քոլորատօ գետի եւ անոր յարակից շրջանի խորքային ջուրերու տագնապայարոյց մակարդակը, չորացման սպառնալիքը, որ կախուած է քառասուն միլիոն բնակիչներու գլխուն, եւ որուն բերելիք գիւղատնտեսական վնասները մասնաւորապէս եւ տնտեսական կորուստները ընդհանրապէս, պէտք է զգաստութեան հրաւիրեն Քալիֆորնիոյ, Նեւատայի եւ, ինչո՞ւ չէ, ամբողջ Ամերիկայի կառավարիչներն ու ժողովուրդը:

Խմբագրատան մէջ աւելի խոցելի կը դառնանք` հաղորդուելով սահմանային գիւղերու վրայ կրակոցներու, խաղաղ բնակիչի մը վիրաւորուելուն մասին լուրերու: Քիչ մըն ալ երեւակայութիւն գործածելով` կը պատկերացնենք դաշտային աշխատանքի գացած հայ գիւղացիներու վախը, դաւադիր գնդակի մը զոհ դառնալու անոնց մղձաւանջը, որ իրենց առօրեային անբաժանելի մասը դարձած է:

Միջազգային լուրերու հոսքը կը պատմէ սովորական դարձած զանգուածային սպանութիւններու մասին` Իրաքէն Սուրիա, մինչեւ Կազա եւ Ուքրանիա:

Գրենք կամ չգրենք, արտայայտուինք կամ լուռ մնանք…աշխարհի վերջին սպասողի հոգեվիճակին մէջ կրնանք գտնել մենք մեզ, եթէ երկաթեայ ջիղեր չունենանք: Վերապրելու ու չընկրկելու, կերտելու, կառուցելու, ամրանալու ու պայքարունակ մնալու համար տարբերակ չկայ. մեր ջիղերը երկաթեա՛յ պիտի դարձնենք:

 

 

Նախորդը

Լիբանանի Հանրապետութեան Միւֆթին Այցելեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

Յաջորդը

Օգոստոս 10, Սպասե՞նք Կլոր Թուական Մը, Օրինակ` 100-Ամեակ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.