Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (4 Օգոստոս 1964)

August 4, 2014
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տոմսեր

«Այսօ՞ր Ալ Խանասոր»…

Յուլիս 25…

Մեր դաշտահանդէսներուն կամ սրահներուն մէջ դարձեալ «Կարկուտ տեղաց» պիտի երգուի ազգին ցիրուցան զաւակներուն կողմէ, որոնք այս երգին կը մասնակցին «երգիչ»-ներու բնական իրաւունքով, ինչպէս կը մասնակցին «Մեր հայրենիք»-ին, «Յառա՜ջ, նահատակ»-ին կամ «Բամ փորոտան»-ին…

«Կարկուտ տեղաց Խանասորայ դաշտումը»…

Ու «Դաշնակցական ֆետայիներ»-ու յիշատակը կ՛անձրեւէ մթնոլորտին մէջ. դաշտին վրայ, ուր հայեր հաւաքուած են վերյիշելու համար ցեղին դիւցազնական պայքարներէն անմոռանալի դրուագ մը:

Արդեօք որքա՞ն խորապէս կ՛ապրինք յիշատակը այդ «հի՜ն» օրերուն, որոնք մեր ազգային պայքարներու «մանկութիւնը» կը յիշեցնեն, կը վերակենդանացնեն այն օրերը, երբ հայ ժողովուրդը կը ծառանար գերութեան ճակատագրին դէմ եւ կը խորտակէր կամուրջները, որոնք զինք կը կապէին թոյլ, անձնատուութեան յօժար կեանքի մը ըմբռնումին հետ…

Խանասորի դաշտին մէջ, դարերէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով, հայ պայքարունակ ոգին կը ծաղկէր եւ հայ բազուկը կը հարուածէր` հպարտ եւ պատուով ապրելու իր վճռական կամքը հռչակելով թշնամի թէ օտար աշխարհին:

Արշաւանքին արձագանգը սթափումի կը հրաւիրէր հեռաւոր անկիւններու մէջ ապրող հայերը. «քնացող հայութիւնը» կը վերանորոգուէր կեանքի նոր հասկացողութեամբ մը, իսկ օտար աշխարհը ապշութեամբ կը հաստատէր պողպատումը թոյլ ու երկչոտ նկատուած ժողովուրդի մը:

Խանասորէն ետք մանաւանդ, հայութիւնը հինը չէ՛ր այլեւս, յաչս թշնամիին:

Ցեղը ինքն իր մէջ պայքարելու իր ընդունակութիւնը կը վերագտնէր, եւ տրուած հարուածին սաստկութիւնը կու գար փաստելու, թէ այլեւս վերադարձ չկար դէպի ստրկութեան ճամբաները:

Խանասորի մէջ արձակուած գնդակները սարէ սար ու հորիզոնէ հորիզոն մեր ժողովուրդի նոր ճակատագիրը կը յայտարարէին: Հայութիւնը ալ ի սպառ պիտի չմոռնար այդ հրեղէն պատգամը:

*
*    *

Սակայն ո՜ւր ենք այսօր, կը խորհրդածեն անձնատուութեան տրամադիր գլխահակ նոր «իմաստուններ»:

Խանասո՞ր` գիտութեան ա՛յս դարուն մէջ, ուր ամէնօրեայ անօրինակ զարգացում մը կը տեսնենք ընկերային կեանքի կազմակերպութեան, քաղաքական համակեցութեան եւ սպասումի՜ խոհականութեան:

«Իմաստուն»-ները կը մերժեն տեսնել Խանասորի դասը, որ ինքնապաշտպանութի՛ւնն էր:

Պաշտպանութիւն` ամէն վտանգի դէմ, գերագոյն զոհողութեան իսկ գնով, հայութիւնը պահպանելու համար…

ԳԻՍԱՒՈՐ

 

Ազատ Գալայճեան
Չորրորդ Տարին Ըլլալով
Լիբանանի Ախոյեան

Պէյրութ-Շեքքա-Պշարրէ մրցումը շահեցաւ ՀՄԸՄ-ական Վարդգէս Ծատուրեան:

Ախոյեանական մրցաշարքի վեցերորդ եւ վերջին մրցումը կայացաւ 2 օգոստոս 1964-ին, Պէյրութ-Պշարրէ ճամբուն վրայ: Մրցումը վերջ գտաւ երկու ՀՄԸՄ-ականներու փառաւոր յաղթանակով: Վարդգէս Ծատուրեան շահեցաւ օրուան մրցումը, իսկ Ազատ Գալայճեան` Լիբանանի ախոյեանութիւնը:

Ազատ Գալայճեան չորս անգամ յաջորդաբար տիրանալով Լիբանանի ախոյեանութեան` կու գայ հաստատել նոր մրցանիշ մը լիբանանեան հեծելարշաւի մարզին մէջ:

 

Զօրաւոր Պայթում
Հանրային Պարտէզին Ետեւը

Կիրակի առտու ժամը 2:00-ին զօրաւոր պայթում մը տեղի ունեցաւ հանրային պարտէզի ետեւի փողոցը կանգ առած ինքնաշարժի մը մէջ:

Այս շատ զօրաւոր պայթումին պատճառով մօտակայ շէնքերու ապակիները ջարդ ու փշուր եղան:

Ստացուած տեղեկութիւններու համաձայն, պայթումը տեղի ունեցած է թիւ 47367 Սիմքա ինքնաշարժի մը մէջ:

Պայթումի վայրին մօտ կը գտնուին Արաբական Միացեալ Հանրապետութեան դեսպանատունը եւ դեսպանին բնակարանը:

Առաջին քննութիւնները ցոյց տուած են, որ ռումբը մօտ 4 քիլօ ուժանակ կը պարունակէր: Պայթումը նիւթական մեծ վնասներ պատճառած է մօտակայ շէնքերուն:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց նախարարութեան կողմէ հրատարակուած հաղորդագրութենէ մը կը հասկցուի, որ 1967-ին Լիբանանի բոլոր շրջանները ելեկտրականութիւն պիտի ունենան:

ՆԱՄԱԿԱՏԱՆ սպասարկութեան մէջ երեւան հանուած է ծանր գայթակղութիւն մը: Հայր մը եւ իր զաւակը երեք տարուան մէջ գողցած են կէս միլիոն ոսկի արժէքով քոլի փոսթեր:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Տարբեր Դիտանկիւնէ. Ծխելու Դէմ Արգելքներ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.