Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Հաղորդած Է 9 Սպաննուած Եւ 5 Վիրաւոր Զինուորներու Մասին

August 2, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

5711521406879129Ազրպէյճան կը շարունակէ հրապարակել հինգշաբթի օր սպաննուած ազրպէյճանցի զինուորներուն անունները:

ԱՓԱ կը հաղորդէ, որ մահացած է նաեւ վիրաւորուած 5 զինուորներէն մէկը: Հակառակ բժիշկներու գործադրած ջանքերուն` Հիւսէյն Ապտիով մահացած է:

Նախապէս ազրպէյճանական լրատուամիջոցները հաղորդած էին 8 զոհերու մասին:

Յիշեցնենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը հինգշաբթի օր հաղորդագրութիւն հրապարակած էր այն մասին, որ Ազրպէյճանական բանակը ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասի մարտական յենակէտին ուղղութեամբ յարձակում կատարած է:

Դիրքապահ զինուորներու կողմէ հանդիպելով կազմակերպուած դիմադրութեան, հակառակորդը կրելով բազմաթիւ կորուստներ, նահանջած է:

Հայկական կողմը հինգշաբթի օր յայտարարած է երկու զինուորի նահատակութեան մասին:

Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւն.
Զոհերը Եղած Են Երեք Օրուան Ընթացքին

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ  կը պնդէ, թէ ազրպէյճանցի 8 զինուորները  սպաննուած են  վերջին երեք օրերուն տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն  ընթացքին:

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը վստահեցնէ, որ հայկական զինեալ ուժերը «ծրագրուած կերպով տարբեր ուղղութիւններով խախտած  են պետական սահմանը եւ յարձակած  Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու դիրքերուն վրայ», սակայն այդ «բոլոր փորձերը ետ մղուած  են», «հայերը լուրջ կորուստներ կրած են եւ ստիպուած նահանջած են»:

Նախարարութիւնը կը յայտարարէ, որ «ռազմաճակատի գիծը» ամբողջութեամբ կը վերահսկուի ազրպէյճանական ուժերու կողմէ, «իսկ զոհուած մարտիկներու վրէժը պիտի լուծուի»:

Յիշեցնենք, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ հերքած էր Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութիւնը ազրպէյճանցիներու յարձակման, այդ յարձակումը ետ մղելու եւ հակառակորդին կրած բազմաթիւ կորուստներուն մասին` ատիկա «անհիմն» անուանելով:

08-01_Ardzroun-HovhannisianԸստ Հայաստանի` Սպաննուած
Ազրպէյճանցիներու Թիւը Աւելի Մեծ Է

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեանի կարծիքով, վերջին դէպքին ընթացքին սպաննուած ազրպէյճանցի զինուորներուն թիւը աւելի մեծ է, քան այն, ինչ որ կը ներկայացնէ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Այդ մասին Յովհաննիսեան երէկ ըսաւ հարցազրոյցի մը ընթացքին:

Ուորլիք. «Լրջօրէն Մտահոգ Ենք
Բռնութեան Ահագնացումով»

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք երէկ կէսօրէ ետք թուիթըրեան արձանագրութեամբ մտահոգութիւն արտայայտեց հայ- ազրպէյճանական սահմանին վրայ ստեղծուած իրավիճակին  կապակցութեամբ:

«Լրջօրէն մտահոգ ենք վերջին շրջանին սահմանին վրայ բռնութեան ահագնացումով: Զինադադարը պէտք է յարգուի», գրած  է ամերիկացի դիւանագէտը:

Իրականութեան Մէջ Ազրպէյճան
14
Զոհ Ունի

Երէկ ազրպէյճանական լրատուական միջոցները կը  հաղորդէին, որ իբրեւ թէ հինգշաբթի գիշեր Ակնայի (նախկին Աղտամ) եւ Թարթառի շրջաններուն ուղղութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բանակը հետախուզական գործողութիւններու անյաջող փորձ իրականացուցած է, եւ որ ատոր  արդիւնքով ազրպէյճանական կողմը 8 զոհ տուած է:

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը սակայն յայտնեց, որ 31 յուլիսէն 1 օգոստոս լուսցող գիշերը, ոչ թէ հայկական, այլ ազրպէյճանական կողմի հետախուզական խումբը փորձած է ճեղքել հայկական պաշտպանութիւնը եւ թափանցել հայկական ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներ:

Հայ դիրքապահները, սակայն ժամանակին նկատած են  ազրպէյճանցիներու հետախուզական խումբը  եւ դիմած համապատասխան գործողութիւններու: Ազրպէյճանական կողմը իրականութեան մէջ ունեցած է ոչ թէ 8, այլ`  14 զոհ: Հաշուի առնելով Ազրպէյճանի գործելու ոճը, կարելի է ենթադրել, որ մնացեալ 6 զոհը «կը բացայայտուի» ինքնաշարժի արկածի կամ այլ, իբրեւ թէ «դժբախտ դէպքերու» պայմաններուն մէջ:

Հայկական կողմը բազմիցս կոչ ուղղած է հակառակորդին, սահմանի երկայնքին արկածախնդիր քայլերու չդիմելու եւ  լարուածութիւն չստեղծելու: Սակայն ազրպէյճանական զինեալ ուժերը կ՛անտեսեն այդ կոչերը` պարբերաբար փորձելով գնդակոծել հայկական դիրքերն ու խաղաղ բնակավայրերը, հետախուզական խումբերու թափանցումներ իրականացնել եւ անոնց արդիւնքով կ՛ունենան հսկայական մարդկային կորուստներ: Բայց ինչպէս ամէն անգամ կ՛ապացուցուի, որ ատիկա Ազրպէյճանի իշխանութիւնները այնքան ալ չ՛անհանգստացներ:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան
Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Հրապարակած Է Լուսանկարներ

08-01_Diversia_4_31Ազրպէյճան կը հերքէ այն տեղեկութիւնները, որ 31 յուլիսին հակառակորդը յարձակած էր Լեռնային Ղարաբաղի հիւսիսային հատուածին մէջ զինուորական հերթապահութիւն իրականացնող դիրքերէն մէկուն  ուղղութեամբ: Այս կապակցութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ

Մասնաւորապէս կը նշուի.
«Ի պատասխան 31 յուլիսին մեր կողմէ տարածուած հաղորդագրութիւններուն, ազրպէյճանական կողմը յարձակման փաստի կտրուկ հերքում կատարած է: Ի պատասխան վերոնշեալին եւ ի լրումն մեր կողմէ տարածուած հաղորդագրութիւններուն, կը  ներկայացնենք յարձակում գործած ազրպէյճանական խումբէն գրաւուած իրեղէն ապացոյցներու մէկ մասը»:

 

08-01_Diversia_1_31

 

 

 

 

 

 

 

 

08-01_Diversia_3_31

 

 

 

 

 

 

 

08-01_Diversia_31

 

 

Նախորդը

Ռուսիոյ Մէջ Հայաստանի Դեսպանութիւնը Կը Յորդորէ Հետեւիլ Այդ Երկրի Գաղթի Օրէնքներուն

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.