Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բանակի Հիմնադրութեան 69-Ամեակ. «Բանակը Փաստեց, Որ Ազգային Համերաշխութիւնը Ճշմարտութիւն Է Եւ Խոր Համոզում» Շեշտեց Զօր. Քահուաժի

August 2, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

08-01_panagԼիբանանեան բանակի հիմնադրութեան 69-ամեակին առիթով` հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ արտասանած իր օրուան հրահանգին մէջ նշեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած զգայուն պայմանները, ինչպէս նաեւ նախագահական աթոռին թափուր մնալը պատճառ դարձան, որ բանակին կեդրոնական ձեռնարկն ու շրջանաւարտ սպաներուն սուրերուն յանձնումը ջնջուին` նկատի ունենալով, որ այդ ձեռնարկի հովանաւորութիւնը միայն հանրապետութեան նախագահը կրնայ ստանձնել:

«1 օգոստոսը մեր յիշողութենէն կարելի չէ ջնջել, եւ մենք կ՛ուզենք, որ այդ տօնը իւրաքանչիւր քաղաքացիի եւ զինուորի մտքին մէջ դրոշմուի: Բանակին տօնը պիտի մնայ, եւ մենք պիտի շարունակենք նշել այդ տօնը, որովհետեւ բանակը իրաւունքն է եւ ժողովուրդին յոյսը», ըսաւ ան:

Բանակի հրամանատարը հաստատեց, որ բանակի տօնը պիտի մնայ եւ այդ առիթով շնորհաւորեց լիբանանցիները` շեշտելով, որ իրենք իրենց երդումին տէրը պիտի մնան` պահպանելու Լիբանանը եւ դիմադրելու անոր սպառնացող ներքին եւ արտաքին բոլոր մարտահրաւէրներուն:

Զօր. Քահուաժի շեշտեց, որ բանակը տարբեր առիթներով եւ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն ու տագնապներուն փաստած է, որ ազգային համերաշխութիւնը ճշմարտութիւն է եւ խոր համոզում:

«Բանակը իր տիպարով լիբանանցիներուն օրինակ կը հանդիսանայ` պահպանելու երկրին համերաշխութիւնը: Ահաբեկչութիւն, պատերազմներ եւ իսրայէլեան սպառնալիքներ դիմագրաւող այս երկրին մէջ բանակը կրցած է երկրին միասնականութիւնը խանգարել փորձող ներքին եւ արտաքին բոլոր քայլերուն դիմադրել: 1 օգոստոսին մենք հպարտ կը զգանք, որ բանակը ազգային միասնականութիւնը երաշխաւորող խորհրդանիշն է, որովհետեւ միայն անոր մէջ կը կայանայ Լիբանանի փրկութիւնը», եզրափակեց ան:

Նշենք, որ հակառակ զինուորական տողանցքին եւ սուրերու յանձնումի պաշտօնական ձեռնարկներուն ջնջումին, Սպայից վարժարան յաճախող սպաները վկայուեցան: Սպայից վարժարանի շրջանաւարտներէն եղան նաեւ սպաներ Մովսէս Նաշալեան, Կարէն Քէօհիւլեան եւ Խաչիկ Գալինճեան:

 

Նախորդը

«Բանակին Եւ Անոր Առաքելութեան Պէտք Է Զօրակցիլ, Զինել Զայն Եւ Բարելաւել Անոր Թուաքանակը» Շեշտեց Պըրրի

Յաջորդը

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Դէմ Է Թուրքիոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանի Պաշտօնին Ճոն Պասի Թեկնածութեան

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.