Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ` շնորհաւորելով զայն բանակի հիմնադրութեան 69-ամեակին առիթով:
Նախկին վարչապետը շեշտեց, որ բանակը պէտք է վայելէ բոլոր լիբանանցիներուն զօրակցութիւնը եւ զէնք կրելու արտակարգ իրաւունքը պէտք է միայն անոր վստահուի:
Հարիրի շեշտեց, որ շրջանային տագնապալի իրավիճակին կողքին, բանակը միակ կառոյցն է, որ կը հսկէ երկրին ազգային կայունութեան:
Ան անհրաժեշտ նկատեց նաեւ հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելը:


