
Haqqin.az կայքը կը հաղորդէ, որ Ուաշինկթըն լրջօրէն մտահոգուած է քրէական հետապնդումով ազրպէյճանցի իրաւապաշտպան Լէյլա Եունուսի եւ անոր ամուսնոյն` Արիֆ Եունուսի, որոնք Ազրպէյճանի մէջ կը մեղադրուին Հայաստանի օգտին լրտեսելու, խարդախութիւններու եւ հարկերէ խուսափելու համար:
«Լէյլա Եունուսի եւ անոր ամուսնոյն դէմ քրէական հետապնդումը լուրջ մտահոգութիւններու առիթ տուած է եւ կը վկայէ Ազրպէյճանի մէջ քաղաքացիական հասարակութեան խաղաղ գործունէութեան հետագայ սահմանափակումներուն մասին», յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարի Հարֆ:
Հարֆ նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ Ազրպէյճանի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղեն յարգելու իր քաղաքացիները` ապահովելով անոնց ազատ արտայայտութեան իրաւունքը, ինչ որ երաշխաւորուած է Ազրպէյճանի ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւններով:
Նոյն օրը Միացեալ Նահանգներու Հելսինքեան կոմիտէն հրապարակած է յայտարարութիւն մը` քննադատելով եունուսներու ընտանիքին դէմ մեղադրանքի առաջադրումը:
«Մենք կը պահանջենք ջնջել այդ մեղադրանքներն ու դադրեցնել արշաւը ընդդիմութեան, քաղաքացիական հասարակութեան եւ լրագրողներու դէմ, որոնք խաղաղ ճամբով կը կատարեն խօսքի եւ հաւաքներու ազատութեան իրաւունքը», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:


