Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Համալիբանանեան Մէկութեան Ամէնէն Օրինակելի Կառոյցը

August 1, 2014
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

800_ejjdeiieeedduzsu7d5ooo2suytl6zgbԼիբանան արտակարգ պայմաններու մէջ կը նշէ Բանակի տօնը: Արտակարգ իրավիճակի հիմնական հանգամանքը աննախագահ կացութիւնն է, որ արդիւնքն է համալիբանանեան համաձայնութեան բացակայութեան: Պարզ է, որ արտալիբանանեան կեդրոնները տակաւին կանաչ լոյսը չեն տուած, որուն ընդառաջ լիբանանեան կողմերը համաձայնութեան պիտի յանգին նախագահական թեկնածուի անուան շուրջ: Եւ երբ չկայ ըստ սահմանադրութեան զինեալ ուժերու գլխաւոր հրամանատարը, չեն կազմակերպուիր այս առիթով աւանդութիւն դարձած շքերթները, տեղի չեն ունենար նաեւ շրջանաւարտ սպաներու պաշտօնի ստանձնման արարողութիւնները:

Երկիրը ուրեմն կը զրկուի շատ կարեւոր խորհրդանշական իրադարձութիւններէ: Խորհրդանշական բնութագրումը այստեղ կարեւոր է այն առումով, որ բանակը պետութեան այն եզակի յենասիւնն է, ուր միաձուլուած են լիբանանեան համայնքները, ուր քաղաքականացուած մօտեցումները կը զիջին պաշտպանութեան համակարգին հետ կապուած սկզբունքներուն: Բանակն է լիբանանեան այն իւրայատուկ կառոյցը, ուր համայնքի պատկանելիութեան գերադասումը իր արտացոլացումը չի գտներ եւ որուն նուիրականացուցած ծառայութեան ընթացքին լիբանանցի նահատակները կ՛իյնան կողք կողքի` առանց դաւանական կամ համայնքային խտրականութեան դրսեւորումներու:

Լիբանանեան բանակն է ուրեմն, որ ի տարբերութիւն պետական այլ կառոյցներու եւ հաստատութիւններու մէջ ծառայութիւններ ստանձնած պաշտօնեաներու կամ գործիչներու, կը շարունակէ պահել համալիբանանեան նկարագիրը, իրմէ ակնկալուած մէկութիւնը նոյնիսկ: Եւ պատահական չէ, որ նախագահական ընտրութեան դժուար պահերուն, համալիբանանեան համաձայնութիւնը կեդրոնացած է բանակի հրամանատարի անձին վրայ` իբրեւ լիբանանեան մէկութեան խորհրդանիշ, իբրեւ բոլոր կողմերէն ընդունելի անձնաւորութիւն:

Որեւէ երկրի բանակի հիմնական գործառոյթը նոյն այդ երկրի սահմաններուն վերահսկողութիւնն է, ոտնձգութիւններու կանխարգիլումը, օդային, ցամաքային եւ ջրային տարածքներու ամբողջականութեան պահպանումը: Սահմաններու վերահսկողութեան անհրաժեշտութեան մասին խօսիլը այս օրերուն, մանաւանդ այս տարածաշրջանին մէջ նկատի ունենալով իրադարձութիւններու զարգացման մագլցողականութեան արագ թափերը, հրատապ է եւ այժմէական:

Երբ երկրի մը սահմանները դժուար վերահսկելի են, երբ այլ երկրի տարածքներէ անարգել մուտք կը գործեն զինեալ խմբաւորումներ, կը տեղակայուին դիւրաւ հատուած սահմանէն ներս եւ կը գրաւեն տարածքներ ու դիրքեր, կը նշանակէ, թէ կը ստեղծուին նախադրեալներ միեւնոյն այդ սահմաններու խոցելիութեան առաջադրումով սահմաններու փոփոխութիւն յառաջացնող ծրագիրներու: Նոր քարտէսագծումներու աշխարհաքաղաքական ծրագիրները սահմաններու խոցելիութեան ստեղծումով կը սկսին կեանքի կոչուիլ:

Միջինարեւելեան տարածաշրջանի իրադարձութիւններուն հետեւողներուն մօտ կը ձեւաւորուի այն համոզումը, որ սահմաններու փոփոխելիութեամբ կ՛առաջադրուի նոր քարտէսագծումը, տարածքային նոր ամբողջականութիւններու ստեղծումը, նոր բաժանարար ծրագիրներու կեանքի կոչուելով նոր պետութիւններու ստեղծումը:

Բայց այդ ծրագիրներու տակաւ գործնականացման համար նախ անհրաժեշտ է կառավարական ուժերուն կամ կանոնաւոր բանակներուն դիմաց յառաջացնել հակակառավարական զինեալ ուժեր, զինել ու ֆինանսաւորել ապստամբները, կրօնական ծայրայեղականութեան տարազին տակ շրջան գործուղել այդ տիպի խմբաւորումներ, սասանել բանակի միաձոյլ կառուցուածքը, պառակտել եւ տարանջատել օրինական զինեալ ուժերը: Աշխարհը այսօր այս տարածաշրջանին մէջ ականատեսն է նման գործընթացներու:

Գուցէ անմիջականութեամբ այս վտանգները չեն սպառնար լիբանանեան բանակին, որ հակառակ քաղաքական անհամաձայնութեան մթնոլորտին, կը շարունակէ պահել կառուցուածքային ամբողջականութիւնը, միաձոյլ դրուածքը, մէկութիւնը` միջհամայնքային եւ միջդաւանական համակեցութեան լաւագոյն օրինակը տալով պետական եւ հասարակական բոլոր կառոյցներուն: Եւ այս բոլորով կը շարունակէ վերահսկել երկրի սահմանները:

Նախորդը

Նոր Միջադէպ Սահմանագիծին Վրայ. Ազրպէյճանական Բազմաթիւ Կորուստներ, Երկու Զոհ` Հայկական Կողմէն

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.