Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեւանի Մէջ Համազգայինի Ուսանողական Հաւաքի Փակում Եւ Արցախ Մեկնում

August 1, 2014
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

07-31_havakՀամազգայինի ուսանողական հաւաքին մասնակիցները չորեքշաբթի երեկոյեան յատուկ հանդիսութեամբ Երեւանի մէջ փակումը կատարեցին հաւաքին եւ երէկ` 31 յուլիսին մեկնեցան Արցախ:

Նախորդող օրերուն հաւաքի մասնակիցները  ունեցած էին բաւական ճոխ եւ բազմաբնոյթ առօրեայ:

Կիրակի, 27 յուլիսին, անոնք եւս նշեցին Վարդավառը, մասնակից դարձան տօնակատարութիւններուն եւ առաւօտեան ժամերէն սկսեալ ջուրով խաղեր վայելեցին:

Կէսօրին ֆորումականները այցելեցին Սարդարապատ հերոսամարտի յուշակոթող եւ ազգագրութեան թանգարան: Երեկոյեան հանդիպում տեղի ունեցաւ «Դէպի Հայք» հիմնարկի տնօրէն Սեւան Քապաքեանի եւ «Ռիփաթ Արմինիա»-ի տնօրէն Վարդան Մարաշլեանի հետ: Ֆորումականները հայրենադարձութեան եւ հայրենիքի մէջ կամաւոր աշխատանք տանելու մասին իրենց հարցումները ուղղեցին օրուան հիւրերուն:

Երկուշաբթի, 28 յուլիսին հաւաքին մասնակիցները մեկնեցան Ծաղկաձոր եւ բարձրացան ճոպանուղի:

Ապա, անոնք այցելեցին Ծաղկաձորի «Տիրամայր Հայաստան»-ի ճամբարը, եւ ամբողջ օր մը անցուցին ճամբարին մասնակցող ծնողազուրկ ու կարիքաւոր պատանիներուն հետ: Անոնք ծանօթացան իրարու, միասին ճաշեցին ու խաղացին, եւ նուիրատուութիւն կատարեցին:

Երեկոյեան, ֆորումականները ներկայ գտնուեցան Ռուբէն Հախվերտեանի ելոյթին, որմէ ետք միասնաբար ընթրեցին Երեւանի ճաշարաններէն մէկուն մէջ:

Երեքշաբթի, 29 յուլիսին, ուսանողական հաւաքի մասնակիցները այցելեցին Ջիւանիի աշուղական դպրոց, ուր  դպրոցի  տնօրէն Թովմաս Պօղոսեան  դասախօսեց ազգային նուագարաններու մասին:

Ապա, անոնք այցելեցին Սաղմոսավանք, Տառերու պուրակ,  Արագած, Ամբերդ եւ ճաշեցին Արագածի լանջին: Երեկոյեան, ֆորումականները վայելեցին Երեւանի գիշերային կեանքը:

Չորեքշաբթի, 30 յուլիս 2014-ը,  20-րդ հաւաքի վերջին օրն էր Երեւանի մէջ: Առաւօտեան, Ֆորումի մասնակիցները այցելեցին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւն եւ տեսակցեցան նախարար Հրանուշ Յակոբեանի հետ:

Կէսօրէ ետք տեղի ունեցաւ հաւաքի եզրափակիչ հանդէսը` Համազգայինի թատերասրահին  մէջ: Ուսանողները հանդէս եկան երգով, պարով, նուագով,  ասմունքով եւ թատերական ներկայացումով մը: Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ վկայագիրներու բաշխում: Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անունով խօսք առաւ Թամար Հաշէօլեան եւ պարգեւատրեց դոկտ.  Հրանդ Մարգարեանն ու Զեփիւռ Օհաննէսեանը` իբրեւ երախտագիտութիւն հաւաքի ծրագրաւորումին եւ գործադրումին իրենց ունեցած երկար տարիներու ներդրումին համար:

Երեկոյեան տեղի ունեցաւ վերջին ընթրիքը Երեւանի մէջ, որուն  ներկայ էին նաեւ Հայաստան գտնուող նախկին ֆորումականներ:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Ճամբարները Կը Շարունակուին Հայաստանի Եւ Արցախի Մէջ

Յաջորդը

ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-Ական 10-րդ Բանակումի Պաշտօնական Բացում

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.