Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ին, 28 յուլիսէն 8 օգոստոս Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տեղի կ՛ունենան «Անուշ հայրենիք» պատանեկան երիտասարդական ճամբարները: Այս տարի Հայաստանի մէջ աշխատանքը տեղի կ՛ունենայ Կոտայքի մարզի Աբովեան եւ Հրազդան քաղաքներուն մէջ, իսկ Արցախի պարագային` Շուշի քաղաքին մէջ:
Այս տարի, ինչպէս նախորդ տարիներուն, ճամբարին կը մասնակցին 4-16 տարեկան երեխաներ: Առաջին իսկ օրէն մեծ խանդավառութիւն ստեղծած այս ծրագիրներուն կը մասնակցին մեծ թիւով պատանիներ: Արդարեւ, մասնակիցներու թիւը կը պարզէ հետեւեալ պատկերը` Աբովեան` 210 մասնակից, Հրազդան` 166, իսկ Շուշի` 130:
Օրական դրութեամբ պատանիները կը հաւաքուին տուեալ քաղաքի դպրոցին մէջ, եւ յայտագիրին բացումը կը կատարուի դրօշակի արարողութեամբ: Ապա իւրաքանչիւր խումբ կ՛անցնի դասարան` հետեւելու պատրաստուած ծրագիրին: Աշխատանքին բնոյթը ազգային-դաստիարակչական ըլլալով` ծրագիրը կ՛ընդգրկէր ՀՅԴ պատմութեան ուսուցում, յեղափոխական դէմքերու եւ դէպքերու ծանօթացում, Հայ դատի ներկայ աշխատանքներու եւ ապագայի մարտահրաւէրներու ներկայացում: Ծրագիրը կ՛ընդգրկէ նաեւ մարզական խաղեր, երգեցողութիւն, տեսերիզի ցուցադրութիւն, գծագրութիւն, ձեռային աշխատանք եւ այլն:
Մասնակցողներուն բաժնուեցան թի-շըրթներ, գլխարկներ, գրենական պիտոյքներ, ձայնասկաւառակներ եւ սթիքըրներ:


