
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ ընդունեց ջախջախուած ալճերիական օդանաւին պատճառով զոհուած լիբանանցիներուն հարազատները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն ցաւակցութիւն յայտնեց լիբանանեան պետութեան անունով:
Հանդիպումին ընթացքին Պասիլ պատուիրակութիւնը իմացուց օդանաւին ջախջախման մանրամասնութիւններուն մասին եւ անոր ներկայացուց լիբանանեան պետութեան հասած բոլոր տեղեկութիւնները` հաստատելով, որ զոհերուն հարազատներուն իրաւունքն է գիտնալ օդանաւի ջախջախումին պատճառներուն մասին:
Պասիլ շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը դիւանագիտական իր ամբողջ կարողականութիւնը ի սպաս դրած է ապահովելու համար զոհուած լիբանանցիներուն դիակներուն Լիբանան փոխադրութիւնը, ինչպէս նաեւ իր մասնակցութիւնը ապահոված է այդ դէպքին մասին բացուած հետաքննութեան աշխատանքներուն մէջ:
Պասիլ շեշտեց, որ նման աղէտի մը պարագային երկրին պետութեան պարտականութիւնն է ազգային սուգ յայտարարել, ինչպէս նաեւ ճիգ չխնայել դիակներուն տունդարձը ապահովելու առումով:


