Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապահովութեան Խորհուրդը ՏԱՀԵՇ-ը Իրաքի Ապագային Մեծ Վտանգ Նկատող Որոշում Մը Որդեգրեց

August 1, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

07-31_SCՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը միաձայնութեամբ որդեգրեց որոշում մը, որ Իսլամական պետութիւնը (ՏԱՀԵՇ) Իրաքի ապագային մեծ սպառնալիք մը կը նկատէ եւ Իրաքի մէջ ստեղծուած կացութեան նկատմամբ խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ: Խորհուրդը նաեւ մէկ տարիով երկարաձգեց Իրաքի մէջ ՄԱԿ-ի օժանդակութեանց առաքելութիւնը:

Ապահովութեան խորհուրդը դատապարտեց այն յարձակումները, զոր կը շղթայազերծէ Իսլամական պետութիւնը` կոչ ուղղելով «իրաքեան կառավարութեան ամրապնդման համար ժողովրդավարական երկխօսութիւն կատարելու»:

Բանաձեւը ընդգծեց. «Ճգնաժամի դարմանումին միակ ձեւը բոլոր իրաքցիներուն համագործակցութիւնն է` ընդառաջելով քաղաքայիններու ապահովական եւ քաղաքական կարիքներուն»: Անիկա իրաքեան բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց պառակտումները յաղթահարելու եւ միասնաբար բոլորը ներառող քաղաքական հոլովոյթի մը ձեռնարկելու, ինչպէս նաեւ կազմելու Իրաքի բնակչութեան բոլոր հատուածներն ու անոնց կամքը ներկայացնող կառավարութիւն մը, որ կը նպաստէ ներկայ մարտահրաւէրներուն արդիւնաւէտ ու մնայուն լուծում մը գտնելուն:

Միւս կողմէ, Իրաքի քրտական ինքնավար շրջանի նախագահ Մասուտ Պարզանի Մուսուլէն նշեալ շրջան ապաստանած գաղթականներու ճամբարը այցելելով վերջիններուս յայտնեց, որ իրենց ապրած պայմանները ժամանակաւոր են եւ մօտ օրէն «ձեր քաղաքն ու տուները պիտի վերադառնաք գլուխնիդ բարձր»: Ան խոստացաւ գաղթականներուն բոլոր կարիքները ապահովել:

Ան փեշմերկաներուն հրամայեց Սուրիոյ քիւրտերը պաշտպանել իսլամական ծայրայեղական զինեալներէն:

 

 

Նախորդը

Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Ամառնային Տարիքային Մրցաշարք

Յաջորդը

Իսրայէլ Կազայի Մէջ Գտնուող ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի Դպրոցին Մօտ Ջարդ Մը Եւս Կը Գործէ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.