Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մհեր Ջուլհաճեանի Անունը Կրող Լսարան` Արցախի Պետական Համալսարանին Մէջ

July 31, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

mherchulhajian«Ապառաժ» կը հաղորդէ, որ 29 յուլիսին Արցախի պետական համալսարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ արցախեան ազատամարտին ընթացքին զոհուած լիբանանահայ ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի անունը կրող լսարանին:

Լսարանը վերանորոգուած եւ կահաւորուած է Բրիտանիա բնակող Սեւան Արթինի ջանքերով. ան այս անգամ իրեն հետ Արցախ բերած է նաեւ Լոնտոնի ՀՄԸՄ-ականները, որոնք եւս ներկայ եղած են լսարանի հանդիսաւոր բացման արարողութեան:

Սեւան Արթին այս առիթով յայտնեց, որ այս տարուան մարտին Արցախ այցելած ատեն տեղեկացած էր նման նախաձեռնութեան մը մասին եւ, քանի որ Մհեր Ջուլհաճեանը եղած էր իր խմբապետն ու աւագ ընկերը, փափաքած է անոր նկատմամբ ունեցած իր հսկայ պարտքին մէկ փոքր մասը փոխհատուցել, ուստի որոշած է ոչ թէ արձան կանգնեցնել, այլ լսարանը անուանակոչել Մհերի անունով, որպէսզի մարդիկ թէ՛ Մհեր Ջուլհաճեանը յիշեն, եւ թէ՛ կարենան օգտուիլ այդ նախաձեռնութենէն:

Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ընթացքին ողջոյնի խօսք արտասանեց Արցախի պետական համալսարանի նախագահ Մանուշ Մինասեան: Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու փոխնախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան, որ հանդիսութեան մասնակիցներուն ներկայացուց Արցախի ազատագրական պայքարի պատմութիւնն ու անոր կարեւորութիւնը:

Հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան, Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ եւ այլ անձնաւորութիւններ:

 

Նախորդը

Իսրայէլեան Ուժեր Կ՛առեւանգեն Լիբանանցի Հովիւ Մը Եւ Կէս Գիշերին Ազատ Կ՛արձակեն Զայն

Յաջորդը

Համազգայինի 20-րդ Ուսանողական Հաւաքի Մասնակիցները Այցելեցին Սփիւռքի Նախարարութիւն

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.